2013-03-22 13:18:35

ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը Ունկնդրութիւն Շնորհեց Սուրբ Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի Անդամներուն։


''Հաստատել երկխօսութեան կամուրջներ ու կերտել խաղաղ աշխարհ մը։''

Ուրբաթ 22 մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին։ Իսկ երէկ յետ միջօրէին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ̀ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիին հետ։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալ եղաւ դեսպաններու աւագերէց̀ Ժան Գլոտ Միշելի իրեն ուղղած խօսքերուն ու ապա ուրախութիւն յայտնեց հիւրընկալերու դեսպանները այս ''պարզ ու միաժամանակ խորունկ ողջոյնի փոխանակումներու'' առթիւ որ Պապին իտէալական ողջագուրումն է աշխարհին։ Ձեր ներկայութիւնը նշան է այն փոխադարձ օգտաշահ կապին որ գոյութիւն ունի ձեր երկիրներու ու Սուրբ Աթոռի միջեւ։
Հռոմի եպիսկոպոսը համոզուած է թէ կրնայ ձեր բարեկամութեան վրայ վստահիլ յուսալով որ այս առաջադրանքին համամիտ ըլլաք։
Սրբազան Քահանայապետը ապա իղձ յայտնեց կապեր հաստատելու նաեւ բոլոր այն երկիրներուն հետ որ տակաւին դիւանագիտական յարաբերութիւններ չ՜ունին Սուրբ Աթոռի հետ։ Ան ապա խօսեցաւ ֆրանչիսկոս անունի ընտրութեան մասին, յատկապէս յատկանշելով անոր ''սիրոյ պատգամը'' աղքատներուն հանդէպ։
Եկեղեցին միշտ աշխատած է հոգալ աղքատներուն եւ կերտել աւելի մարդկային ու արդար ընկերութիւն մը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու ապա մատնանշեց ժամանակակից աշխարհի ''հոգեւոր աղքատութեան'' մասին զոր Պենետիկտոս ԺԶ որակած է ''յարաբերապաշտութեան բռնատիրութիւն''։
Անունի ընտրութեան երկրորդ պատճառը կը կայանայ Ասիզացիի Ս. ֆրանչիկոսի մեզի ուղղած յորդորին աշխատելու խախաղութեան կերտումին ի սպաս։ Սակայն առանց ճշմարտութեան չկայ խաղաղութիւն։ Եւ չի կրնար խաղաղութիւն տիրել եթէ ամէն մէկը իր անձին չափանիշէն դուրս չ՝ելլէ եւ ուրիշի բարիքը չի փնտռէ։
Ֆրանչիկոս քահանայապետը արդ փափաք յայտնեց որ դեսպաններու հետ երկխօսութիւնը օգնէ կամուրջներ հաստատելու մարդոց միջեւ, որպէսզի ամէն մէկը̀ միւսին մէջ տեսնէ, ոչ թէ թշնամի մը, ոչ թէ հակառակորդ մը, այլ եղբայրակից մը որ պէտք ենք հիւրընկալել եւ ընդունիլ։ Այս մարզէն ներս մեծ դեր մը ունի նաեւ կրօնը։ Կարելի չէ կամուրջներ հաստատել մարդոց միջեւ առանց Աստուծոյ, եւ կարելի չէ Աստուծոյ հետ իսկական կապեր հաստատել ուրիշները արհամարհելով։ Ասոր համար միջկրօնական երկխօսութիւնը կարեւոր է, ու յատկապէս Իսլամ աշխարհին հետ։
Հարկ է պայքարիլ աղքատութեան դէմ, ըլլայ նիւթական ըլլայ հոգեւոր. հարկաւոր է կերտել խաղաղութիւնը եւ մարդոց միջեւ կամուրջներ հաստատել։
Սիրելի դեսպաններ -ըսաւ հուսկ ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը - շնորհակալ եմ ձեր բարեկամութեան ու ձեր համագործակցութեան համար միասնաբար կերտելու խաղաղութիւնը։
Ձեր անձերուն ընդմէջէն կ՛ուզեմ նորոգել ձեզի ու ձեր կառավարութիւններուն իմ շնորհակալութիւնս, գահակալութեանս արարողութեան ձեր բերած մասնակցութեան համար։
Թող Ամենակալ Տէրը ձեզ իր առատ շնորհքներով լեցնէ եւ օրհնէ ձեզ ու ձեր ընտանեկան պարագաները եւ ժողովուրդները զոր կը ներակայացնէք։









All the contents on this site are copyrighted ©.