2013-03-22 12:07:53

Շարունակելով Միջին-Արեւելեան Իր Շրջապտոյտը Պարաք Օպամա Կ՝ընդգծէ Պաղեստինեան Եւ Հրէական Պետութեանց Գոյութեան Անհրաժեշտութիւնը։


Շարունակելով իր շրջապտոյտը Միջին Արեւելքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ հասաւ Ռամալլա, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:
Օպամա ընդգծեց Պաղեստինեան եւ Հրէական պետութիւններու գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը շրջանին մէջ,առանց մանրամասնելու սակայն Պաղեստինեան պետութեան գծով իր պատկերացումը:
Նշենք որ Կազայի մէջ պաղեստինցի ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Օպամայի այցելութեան դէմ, իսկ իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած պաղեստինցի բանտարկեալներու ծնողներ նոյնպէս բողոքեցին` հրկիզելով Օպամայի նկարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.