2013-03-22 10:46:06

Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ̀ Արհիապատիւ Վարդան Եպ. Պօղոսեանի Հանդիպումը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Հետ։


Հինգշաբթի 21 մարտի կէսօրին, Լատին Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ̀ արհի. Վարդան եպս. Պօղոսեան, առանձնական հանդիպում ունեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, Վատիկանի Սանդա Մարդա բնակարանին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին Գերապայծառ Պօղոսեան, նորընտիր Քահանայապետին յայտնեց Արկէնդինայի հայ համայնքի երախտագիտութիւնը, անոր ցուցաբերած մօտիկութեան ու հայրական հոգատարութեան համար երբ Պուէնէս Այրէսի Արքեպիսկոպոս էր։
Գերապայծառը անդրադարձաւ յատկապէս 2005-ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց̀ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոսի Արկէնդին կատարած հովուական այցելութեան ու այդ առթիւ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումներուն։
Հայ Կաթողկէ համայնքի առաջնորդը, այս առթիւ, Նորին Սրբութեան նուիրեց Յակոբ Մեղապարտի ''Ուրբաթագիրքի'' անգլերէն թարգմանութիւնը եւ հայկական տպագրութեան 500 ամեակը նշող յոբելինական մետալը։
Ֆրանչիկոս Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պօղոսեան գերապայծառին իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով հայ ժողովուրդին ու յատկապէս Արկէնդինահայութեան, յատուկէն յիշելով Պուէնէս Այրէսի Տիրամայր Նարեկի անուան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ̀ Հայր Բապլօ Հաքիմեանը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.