2013-03-21 12:27:58

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Բանակցած Են Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահին Հետ


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց շրջանային հերթական այցելութիւնը այս անգամ սկսան Լեռնային Ղարաբաղէն: Երէկ անոնք Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ:
Ամերիկացի համանախագահ Եան Քելլի, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, յայտարարեց, որ ուրախ է գտնուելու Ստեփանակերտի մէջ եւ ներկայացնելու իր երկիրը այս կարեւոր խմբակի շրջագիծին մէջ: «Ես այստեղ եմ` լսելու համար իշխանութիւններուն, թէ ինչով կրնանք օգտակար ըլլալ եւ օգնել», ընդգծեց Քելլի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ հանգրուանի մէջ կը գտնուի Ստեփանակերտի օդակայանի եւ մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն ազատ տեղաշարժման իրաւունքի խնդիրին լուծումը, Եան Քելլի յայտարարեց, որ Մինսքի խմբակը կ՛ուզէ նպաստել խաղաղ լուծման:
Ֆրանսացի համանախագահ Ժաք Ֆոր իր կարգին նշեց, որ օդակայանի շուրջ հոլովոյթը կը շարունակուի, եւ տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ մանրամասնութիւններուն մասին: «Բայց հաւատացէք, որ մենք մշտապէս կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ եւ ունինք որոշակի առաջարկներ, զորս կը քննարկենք կողմերուն հետ»:
Այսօր համանախագահները Երեւանի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, իսկ Ազրպէյճան պիտի այցելեն ապրիլին` իսլամական տօներէն ետք:
«Եւ մեր այցելութիւններէն ետք մենք պիտի հրապարակենք մեր աւանդական յայտարարութիւնը, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն շարք մը հարցումներու պատասխաններ», աւելցուց ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով:








All the contents on this site are copyrighted ©.