2013-03-21 12:27:37

Իսրայէլի Մէջ «Ամերիկեան-Իսրայէլեան Յարաբերութիւնները Յաւերժական Են» Շեշտեց Օպամա


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Իսրայէլ, ուր դիմաւորուեցաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ:
Պեն Կորիոնի օդակայանին մէջ Նեթանիահու բարի գալուստի խօսք ուղղեց Օպամային եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի իր գոյութիւնը պաշտպանելու Իսրայէլի իրաւունքին:
«Շնորհակալ ենք, որ այս զգայուն եւ պատմական հանգրուանին դուք կը զօրակցիք Իսրայէլին: Շնորհակալութիւն, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Իսրայէլի իրաւունքին», ըսաւ Նեթանիահու:
Իր կարգին, Օպամա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Իսրայէլի ապահովական կայունութեան: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ առաջին պետութիւնն էր, որ 65 տարի առաջ իբրեւ պետութիւն ճանչցաւ Իսրայէլը:
Թել Աւիւի մէջ, Օպամա հանդիպում մը ունեցաւ Փերեսի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեւիսրայէլեան յարաբերութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.