2013-03-21 13:29:01

Արհիապատիւ Միքայէլ Եպ. Մուրատեանի Խօսքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ընտրութեան Մասին.


ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ընտրութիւնը՝ Բեկումնային Շրջանի Խոստում, Նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին Մէջ։
Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Ֆրանչիսկոս պապը կը բնութագրէ որպէս պարզ ու խոնարհ հոգեւորական, եւ կը նշէ որ անոր ընտրութիւնը կաթողիկէ եւ ընդհանրապէս հոգեւոր աշխարհի համար նոր, բեկումնային շրջան կը խոստանայ.՜՜Սրբազան քահանայապետով ամբողջ աշխարհն հետաքրքրուած է ՝ ան չափազանց պարզ ու համեստ անձ է: ըլլալով Պուէնոս Այրէսի հոգեւոր առաջնորդը, կարդինալ Խորխէ Մարիօ Բերգոլիոն իր կեանքով ապացուցած է իր այս յատկանիշները, որ արտայայտուեցաւ նաեւ որպէս քահանայապետ իր առաջին իսկ գործողութիւններուն մէջ՝՝:
Առաջին լատինամերիկացի եւ Յիսուսեան միաբան Ն Ս ֆրանչիսկոս քահանայապետը 19 Մարտին, Պետրոսեան պաշտօնի ստանձման արարողութեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը հաւաքուած աւելի քան մէկ միլիոն հաւատացեալներու եւ հանդիսութեան ներկայ 132 երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներուն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կոչ ուղղեց ՜՜որ պաշտպանեն աղքատները եւ տկարներու շահերը՝՝ ։ Ինչպէս որ ըսած է. ՜՜կը փափաքիմ կաթողիկէ եկեղեցին տեսնել որպէս աղքատներու եկեղեցի՝՝ եւ այսպէսով ան հաստատեց նաեւ իր՝ Ֆրանցիս անուան ընտրութիւնն՝ ի պատիւ Սուրբ Ֆրանցիսկոս Ասսիզացիին, որ հրաժարելով իր շքեղ կեանքէն ապրած ու գործած է կարիքաւորներու ու աղքատներու համար: ԱՄՆ-ի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը նաեւ ընդգծեց Քահանայապետին խօսքը ըսելով ՜՜Չմոռանանք, որ իսկական իշխանութիւնը կը կայանայ ծառայութեան մէջ՝՝ եւ ան փաստեց գործով երբ պատարագէն առաջ խախտելով արարողակարգը իջաւ հրապարակ եւ օրհնեց ժողովուրդը ու համբուրեց մանուկներն ու հիւանդները...
Քահանայապետը քաջատեղեակ է նաեւ հայոց պատմութեան ու Բուէնոս Այրեսի մէջ իր առաջնորդութեան տարիներու բազմիցս մասնակցած է հայ համայնքի ձեռնարկներու, 2006ի Ապրիլի 22ին ալ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման միջոցառումներուն ժամանակ, կարդինալ Բերգոլիոն կոչ ըրաւ Թուրքիոյ որ անվերապահօրէն ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս «հայ ժողովուրդի եւ ամբողջ մարդկութեան դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացած ծանրագոյն ոճրագործութիւն» ըսաւ ԱՄՆի առաջնորդը:
Արարողութեան ներկայ էին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ներսէս-Պետրոս 19րդ պատրիարքը, Գարեգին Բ.ը եւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը: Սուրբ Պետրոսի հրապարակը հայազգի հաւատացեալները ծածանուած է Հայաստանի եռագոյնը:
Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան նաեւ խօսեցաւ Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի, մասին եւ եկեղեցւոյ ծրագրերի շուրջ, յատկապէս երիտասարդները աւելի մօտեցնելու՝ եկեղեցւոյ...ու նաեւ տալով հայեցի դաստիարակութիւն։
Գալով քոյր եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններուն, բոլոր եկեղեցիներու հետ կը համագործակցի եւ թէ ինք անդամ է Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առթիւ ստեղծուած Կենտրոնական յանձնախումբին։ Կը գործէ որ Վատիկանը Ցեղասպանութեան ժամանակ նահատակուած կարգ մը կղերականները եւ աշխարահականները Սուրբ եւ Երանելի ճանաչէ: Ինչպէս որ 2001-ին ՅՊԲ.ը Երանելի հռչակեց Մարտինի շրջանի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը։ Գերապայծառը նաեւ խօսեցաւ սիրիահայութեան ապրած տագնապին մասին, հրաւիրելով աղօթել ու օժանդակել նիւթապէս ու բարոյապէս։ Գերապայծառը նաեւ խօսեցաւ բոլորին պարտականութեան մասին գործելու Հայաստանի զարգացման, Արցախի եւ Ջաւախքի հարցի լուծման:








All the contents on this site are copyrighted ©.