2013-03-20 13:22:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Շնորհաւորեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի Անուան Տօնը։


Երեքշաբթի 19 մարտի յետ միջօրէի ժամը 5-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ հետ, որուն ընթացքին շնորհաւորեց անոր անուան տօնը, Սուրբ Յովսէփի տօնին առթիւ, եւ անգամ մը եւս բացայայտելու իր անձնական ու համայն եկեղեցւոյ երախտագիտութիւնը, Պենետիկտոս ԺԶ մատուցած ծառայութեան համար։ Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած է այ օրերու իրադարձութիւններուն ու մասնաւորպէս երէկ տեղի ունեցած գահակալութեան արարողութեան, Նորընտիր Քահանայապետին ապահովցնելով իր մօտիկութիւնը ու յարատեւ աղօթքը։.
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս երկրորդ հեռաձայնային խօսակցութիւնն է Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետ։Արդարեւ Ան իր ընտրութեան օրը, անցեալ 13 մարտի երեկոյեան եւս, հեռաձայնած էր Պենետիկտս ԺԶ-ի, մինչ շաբաթ 23 մարտի կէսօրին, երկու Եկեղեցականները հանդիպում պիտի ունենան Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ ուր առժամեայ բնակչութիւն հաստատած է Պենետիկտոս ԺԶ-ը։








All the contents on this site are copyrighted ©.