Շաբաթ 23 Մարտին ժամը 17-ին, Պէյրութի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ
մէջ Ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հաղոց
Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հանդիսաւոր Ս Պատարագի ընթացքին Տ Ղազար Սարկաւագ Պետրոսեան (Զմմառու
Արծիւեան Միաբանութենէն) կուսակրօն Քահանայ պետի ձեռնադրուի։ Տէր Ղազար իր քահանայութեան
համար նշանաբան ընտրած է Ս Յովհաննէսի աւետարանէն Յիսուսի այս խօսքը. Ով որ մնայ իմ
մէջս ու ես անոր մէջ, ան շատ պտուղ կու տայ։ Իսկ երկուշաբթի 25 Մարտի առաւօրեան նորօծ
քահանայ Հայր Ղազար իր անդրանիկ Ս Պատարագը պիտի մատուցէ Զալգայի Ս Խաչ եկեղեցւոյ մէջ
առաւօտեան ժամը 10.30-ին։