2013-03-20 13:44:51

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը Կը Մասնակցի Միլանոյի Հրովարտակի 1700 Ամեակի Հանդիսութեան։


Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք` գերերջանիկ Բարթողոմէոս Ա. ընդառաջելով Միլանոյի առաջնորդ̀ կարտինալ Սքոլայի հրաւէրին, մարտ 20 եւ 21ին, Միլանօ կ'այցելէ, մասնակցելու համար Միլանոյի հրովարտակի 1700 ամեակի հանդիսութիւններուն, որոնց ծիրէն ներս հինգշաբթի 21-ի երեկոյեան ժամը 5,30-ին, Միլանոյի Սուրբ Ամպրոզիոս Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է համամիութենական աղօթքի արարողութիւնը։ Նշենք որ Միլանոյի հրովարտակը սկիզբ տուաւ Արեւմուտքի կրօնական ազատութեան ու յայտնենք թէ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքը երեքշաբթի 19 մարտին մասնակցած էր ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան արարողութեան որուն հետ, 20 մարտի առաւօտեան, առանձնական հանդիպում ունեցաւ չորեքշաբթի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.