2013-03-20 14:09:46

Գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան՝ Նախագահ Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդին


Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը , յատուկ գիրով մը անուանած է Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ.վ. Եղիայեանը ՜՜ Նախագահ Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդին՝՝։
Անուանումի Գիրը.
Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ.վ. Եղիայեան
Աւագ ժողովրդապետ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա ժողովրդապետութեան,
Այս գիրով քեզ կ'անուանենք երեք տարուայ համար, (այսօրուայ թուականէն սկսեալ), Նախագահ Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու Խորհուրդին, նկատի առած որ այս կարեւոր պաշտօնը թափուր մնացած է Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի մեկնումով։
Մեր վարժարանները կը նկատուին որպէս երրորդ ազդակը մտային կազմաւորումին եւ հոգեւոր սկզբունքներու դաստիարակութեան՝ ընտանիքէն եւ ժողովրդապետութենէն ետք։ Ինչ որ մանուկը կամ երիտասարդը կը սորվի վարժարանէն ներս դրոշմուած կը մնայ անոր մտքին ու սրտին մէջ։
Կը բարձրացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի քեզի պարգեւէ աւետարանական իմաստութիւնը ուղիղ կերպով առաջնորդելու համար ապագայ հայրերն ու մայրերը, որոնք սիւները պիտի կազմեն մեր հայ Կաթողիկէ համայնքին։
Աղօթող ենք որ Զմմառու Տիրամայրը հովանի ըլլայ քեզի եւ մեր վարժարաններու տնօրէններուն, որպէսզի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին հարազատ շառաւիղներ դառնանք։
Հայրական օրհնութեամբ`
Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.