2013-03-19 09:43:25

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հեռաձայնային Պատգամ Մը Կը Փոխանցէ Պուէնոս Այրէսի Հաւատացեալներուն։


Երեքշաբթի 19 մարտի առաւօտեան ժամը 7,30-ին Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Պուէնըս Այրէսի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Րէկտոր̀ Հայր Ալէխանտրօ Րուսսոյի հետ։
Խօսակցութիւնը լսելի եղաւ նաեւ Եկեղեցւոյ հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, որոնց Նորին Սրբութիւնը ուզեց յատուկ պատգամ մը փոխանցել։

''Սիրելի զաւակներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ես գիտեմ որ հրապարակ կը գտնուիք ու ինծի համար կ՛աղօթէք։Այս աղօթքներուն կարիքը ունիմ ։Ձեզմէ կը խնդրեմ որ միասնութեամբ ընթանաք, մէկը միւսը օգնելով, մէկը միւսին հոգ տանելով։Աղօթքը գեղեցիկ է, աւելցուց Ան, կը նշանակէ նայիլ երկինքի ու մեր սրտերուն, գիտակից ըլլալով որ բարի Հայր մը ունինք որ է Աստուած։
Սրբազան Քահանայապետը ապա խնդրեց մեկդի դնել նախանձն ու ատելութիւնը եւ հոգ տանիլ ''ընտանիքին, բնութեան, մանուկներուն եւ ծերերուն։'' Աղօթեցէք ինծի համար - եզրափակեց ապա Նորին Սրբութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.