2013-03-19 13:04:03

Հայ Եկեղեցին Ներկայ Կը Գտնուի Հռոմի Նորընտիր Քահանայապետի Գահակալութեան


ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պաշտօնական գահակալութեան արարողութեան որ տեղի ունեցաւ 19 մարտ 2013-ի առաւօտեան իրենց մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ Եկեղեցին իր երեք Աթոռներով։
Արդարեւ գահակալութեան արարողութեան ներկայ էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ ան որպէս Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք̀ գահակալութեան արարողութաեն սկիզբը, միւս Արեւելեան եկեղեցիներու
Պատրիարքներու հետ միասին, մասնակցեցաւ Ֆրանչինկոս Քահանայապետին սուրբ Պետրոսի դամբանին վրայ մատուցած աղօթքին ու աղօթքէն ետք տեղի ունեցած
Թափօրին կարտինալական դասի եւ Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքներու մասնակցութեամբ։
Գահակալութեան արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս̀ Գարեգին Բ. , որուն կ՛ընկերակցէին Ս. Էջմիածինի հրատարակչական բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեան եւ գաւազանակիր Անանիա աբղյ. Ծատուրեան։
Ապա Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արարողութեան մասնակցեցաւ եռանդամ պատուիրակութիւն մը` յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի եւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պեզիկեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.