2013-03-19 12:26:14

Լատիներու Վաստակաւոր Պատրիարքը Միշէլ Սապպահ 19 Ապրիլին Կը Տօնախմբէ Իր Ծննդեան 80 Ամեակը


Լատիներու վաստակաւոր Պատրիարքը Միշէլ Սապպահ 19 ապրիլին կը տօնախմբէ իր ծննդեան 80 ամեակը։
Ծննդով պաղեստինցի գերեջանիկ Միշէլ Սապահը` Երուսաղէմի լատիներու վաստակաւոր պատրիարքը Նազարէթ ծնած էր 1933-ին։ 1987-ին երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը։ Իր պատրիարքութեան 21 տարիներուն խստիւ քննադատած է հրեաներու քաղաքականութիւնը պաղեստինցիներուն հանդէպ։ Ան միշտ քարոզած է համագործակցութիւնը Ս. Երկրի բնակիչներու միջեւ։
Յայտնենք որ Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքութիւնը հաստատուեցաւ 1099-ին խաչակրութեան գրաւումով։ ''Պիոս իններորդ Քահանայապետը 1847ին վերահաստատեց լատին կաթողիկէներուն համար Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքութիւնը եւ գերեջանիկ Միշէլ Սապահը եղաւ առաջին պաղեստինցի պատրիարքը







All the contents on this site are copyrighted ©.