2013-03-19 08:00:19

Գահակալութեան Արարողութեան Մասնակցողները։


Երեքշաբթի 19 մարտի ժամը 09.30-ին տեղի կ՛ունենայ, անցեալ 13 մարտի ընտրուած՝ ֆրանչիսկոս քահանայապետին գահակալութեան արարողոթիւնը, որուն կը մասնակցին, բացի Կարտինալական դասէն, շուրջ 250 եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ 1200 Քահանաներ ու նորընծաներ։
Արարողութեան կը մասնակցին նաեւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներէ 33 պատուիրակութիւններ, որոնցմէ 14-ը կը պատկանին Արեւելեան Եկեղեցիներուն։Ասոնց շարքին նշենք՝ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը , եւ Արամ Ա Վեհափառը՝ ներկայացնող պատուիրակութիւնը (Նարեկ եւ Մուշեղ Սրբազաններ ու Տէր եւ Տիկ Ալէքօ եւ Անի Պեզիքեան)։
Արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ՝ Իսլամ, Պուտտայական, Սիք, եւայլն...ու նաեւ Հրեայ պատուիրակութիւնը որ կազմուած է 16 անդամներէ։
Իրենց ներկայութիւնը ապահովեցին նաեւ 132 երկիրներու պատուիրակութիւններ ներառեալ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
132 երկիրներու պատուիրակութիւնները գլխաւորուած են, 6 իշխող թագաւորներէ, 31 նախագահներէ եւ 11 Վարչապետներէ։
Յայտնենք որ Կառավարական 132 պատուիրակութիւններուն
ամենաշատ թիւով պատուրակութիւնը Արժէնթինայի պատուիրակութիւնն է19 անդամներով եւ ապա կու գայ Իտալիան իր 16 անդամներով։









All the contents on this site are copyrighted ©.