2013-03-18 13:03:20

Ֆրանչիսկոս Պապի Գործունէութիւնը։
Գահակալութեան Արարողութիւնը 19 Մարտին։ 23-ին Հանդիպում Պենետիկտոս ԺԶ-ի Հետ։


Կիրակի 17 մարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, նախքան իր քահանայապետութեան առաջին ''Հրեշտակ Տեառն'' Մարեմեան աղօթքը արտասանելը, առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պատարագ մատոյց Վատիկանի Սրբուհի Աննա ժողովրդապետութեան Եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի 18 մարտի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը, Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ, ընդունեց Վատիկաի Պետական Քարտուղարը̀ կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, հուսկ ժամը 12,50-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Արկէնթնայի Նախագահ̀̀̀̀ Տիկ Քրիստինայ Քիրչների։

Երեքշաբթի 19 մարտին առաւօտեան ժամը 9.30, Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ Քահանայապետութեան Գահակալութեան Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն նրկայ կը գտնուին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Պետական եւ Եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ։

20 մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Պապը Գլեմենթինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն կը շնորհէ Քոյր եկեղեցիներու պատուրակութիւններու անդամներուն որոնց շարքին նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւններու անդամները։

Ուրբաթ 22 մարտի ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն կը շնոորհէ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին։

Իսկ շաբաթ 23 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապը կը փոխադրուի Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց հանդիպում ունենալու Պենետիկտոս ԺԶ -ի հետ ու անոր հետ եղբայրական ագապը բաժնեկցելու։

Կիրակի 24 մարտին, Ծաղկազարդի տօնն է։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կը նախագահէ Յիսուսի Երուսաղէմ փառաւոր մուտքին յիշատակի արարողութիւնը ու ապա կէսօրին կ՛արտասանէ ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.