2013-03-18 14:24:43

Վատիկանի Մէջ. Կարտինալ Ռայիի Հանդիպումը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ՝ Պըրրիի Եւ Վարչապետ Միքաթիի Հետ։


Քննարկելու՝ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցերը։
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, կիրակի օրը կէսօրին Վատիկանի մէջ ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց աւելի ուշ միացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ նախարարը Նազեմ Խուրին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրին: Պըրրի եւ Միքաթի, որոնք Վատիկան այցելած էին, 19 Մարտին, (վաղը) տեղի ունենալիք Ֆրանչիսկոս պապի գահակալութեան համար, Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պըրրի մաղթեց, որ Ռայի պատրիարքին աղօթքներն ու ճիգերը օժանդակեն իրենց, որպէսզի սպիտակ ծուխը բարձրանայ ընտրական օրէնքին հարցով: Ռայի պատրիարքը իր կարգին յայտնեց, որ Պըրրի իրմէ խնդրած է ամէն ջանք ի գործ դնել` ընտրական համախոհական օրէնքի մը յանգիլ կարենալու համար: Կը նախատեսուի, որ այսօր առաւօտեան Ռայի պատրիարքին, Պըրրիի եւ Միքաթիի միջեւ տեղի ունենայ նաեւ երկրորդ հանդիպում մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի:








All the contents on this site are copyrighted ©.