2013-03-18 13:04:21

Սուրիոյ Մէջ Բոլոր Համայնքները Թիրախ Են Տառապանքի։


Յիսուսեան հայր Նաուրաս Սամմուր անցեալ 15 մարտին հիւրը եղած է Զուիցերիոյ մարդասիրական կազմակերպութեան։ Ան սուրիոյ մէջ պատասխանատու է Հալէպի, Հոմսի եւ Տամասկոսի գաղթականութեան կեդրոններուն։ Իր տուած դասախօսութեան ընթացքին ան ընդգծեց որ Սուրիոյ մէջ բոլոր համայնքները թիրախ են ահաբեկչութեան ու տառապանքի։ Ոչ մէկ համայնք ինքզինք առաձնաշնորհեալ կը զգայ, կամ զերծ հալածանքի։ Աւելի քան 2,5 միլիոն անհատներ փախած են իրենց օճախներէն եւ կ'ապրին տմարդի վիճակին մէջ։ Հալէպի մէջ հացի քիլօ հասած է 150-220 սուրիական դրամ։ Ամենէն սուղը երկրին մէջ։ Մեր կեդրոնները ամէն օր ճաշ կ'ապահովեն աւելի քան 15 հազար անհատներու, նոյնպէս կը բաշխենք վերմակներ ու մահիճներ։ Հալէպցի այս յիսուսեանը առանց զատոորոշութեան օգնութեան կը հասնի բոլոր սուրիացիներուն։ Հալէպ քաղաքի մէկ երրորդը կործանած է եւ անոր մէջ ապրող 140 հազար քրիստոեաները վերածուած են 70 հազարի։ 40 հազար հաշւող հայերու վրայ 15 հազարը միայն մնացած է։ Երկու քահանաներու արեւանգումով, հայ կաթողիկէ հայր Միշէլ Քայալէ եւ յոյն օրթոտոքս կրօնաւոր Մահէր Մահֆուզ, 9 փետրուարին, գաղթականութեան շարժումը արագցաւ։ Քրիստոնեաները ներկայիս կը նմանին հօտի մը առանց հովիւի։








All the contents on this site are copyrighted ©.