2013-03-18 13:04:13

Լիպիոյ Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւնները Թիրախ են Ծայրայեղ Մահմետականներու



Լիպիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներու։
Գերապայծառ Ճիովաննի Մարթինելլի` Թրիպօլիի առաքելական տեղապահի գնահատումով Լիպիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներու։ Հակաքրիստոնեայ երեւոյթը ի յայտ եկաւ անցեալ Յուլիսի քաղաքական ընտրութեան ընթացքին։ Լիպիա ապրող քրիստոնեաներու թիւը յայտնի չէ սակայն անոնք մեծամասնութեամբ գաղթականներ են համայնքով ղպտի են եւ կը պատկանին օրթոտոքս եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն։ Անցեալ 14 մարտին Պենկազիի մէջ այրած են ղպտի օրթոտոքս եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.