2013-03-18 13:11:18

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Կ՛ողջունէ ֆրանչիսկոս Պապի Ընտրութիւնը։


- Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, ողջունելով նոր Քահանայապետին ընտրութիւնը յոյս յայտնած է յանձնառումով գործել Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ու արդարութեան ի սպաս։ ''Մեր յոյսն է որ շուտով առաքելական այցելութիւն կատարէք Ս. Երկիր'' կը գրէ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը։
- Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպասը իր կարգին, հրաւէր ուղղած է ֆրանչիսկոս Պապին, այցելելու Բեթղեհէմը եւ սատարելու Ս. Երկրի խաղաղութեան հաստատումին։
- Հուսկ Հրեայ հասարակութիւնը ողջունելով նոր Պապին ընտրութիւնը կը յուսայ որ կաթողիկէ-հրեայ յարաբերութիւնները զօրանան ու ամրապնդուին։ Նախագահ Շիմոն Բերէզ իր շնորհաւորագիրին մէջ կը հրաւիրէ Սրբազան Հայրը Իսրայէլ այցելել, ''մենք աւելի քան երբեք, կը գրէ Իսրայէլի նախագահը, կարիքը ունինք հոգեւոր ուղղութեան մը։''








All the contents on this site are copyrighted ©.