2013-03-17 13:59:32

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը - Քահանայապետութեան Առաջինը։


''Աստուած միշտ կը ներէ ապա թէ ոչ աշխարհը գոյութիւն չէր ունենար''

Կիրակի 17 մարտի առաւօտեան կանուխէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը սկսաւ լեցուիլ բ
ազմահազար հաւատացեալներով, մասնակցելու համար ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքին։
Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական գրասենաեկի պատուհանէն յայտնուեցաւ ու ներկաները ողջունեց ըսելով.
''Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս։ Անցեալ չորեքշաբթի տեղի ունեցած մեր առաջին հանդիպումէն ետք, ահա դարձեալ ձեզի կ'ուղղեմ իմ ողջոյնս, եւ ուրախ եմ որ այս կը պատահի Կիրակի օրով, որ է Աստուծոյ օրը։ Այս մէկը կարեւոր ու գեղեցիկ է մեզի̀ քրիստոնեաներուս համար։ Իրարու հանդիպիլ կիրակի օրով, զիրար ողջունել, միասին զրուցել, ինչպէս հիմա այս հրապարակէն, որ լրատուային արդի միջոցները անոր կու տան համաշխարհային ծաւալ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումի մասին ուր կը խօսուի այն ''մեղաւոր կնոջ'' մասին զոր Յիոուս կ'ազատԷ քարկոծումէ։ Յիսուսի վերաբերմունքը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ազդեցիկ է, Ան չ'արհամարհեր, չի դատեր, այլ միայն սիրոյ խօսքեր կ'ուղղէ, որղոմութեան խօսքեր, որ ապաշխարհանքի հրաւէր մըն են։ ''Ես ալ, քեզ չեմ դատապարտեր։ Գնա' բայց այսուհետեւ մի' մեղանչեր։''

Սիրելի եղբայներ ու քոյրեր- յարեց Սրբազան Հայրը - Աստուծոյ դիմագիծը գթացող հօր մը դիմագիծն է, որ համբերատար է։ Դուք երբէք կը մտածէք թէ որքան մեծ է Աստուծոյ համբերութիւնը մեզի նկատմամբ։ Ան միշտ կը համբերէ, մեզ կը սպասէ եւ երբէ'ք չի հոգնիր մեզ ներելէ, եթէ գիտնանք անկեղծ սրտով վերադառնալ Անոր։ Աստուծոյ ողոմութիւնը անհուն է։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց թէ այս օրերուն կարդացած է Կարտինալ Գասբէրի մէկ գիրքը ողորմութեան մասին։ Կարտինալ Գասբերը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - գիրքին մէջ կը գրէ թէ ''ողորմութիւնը ամէն բան կը փոխէ, աշխարհը կը փոխէ։ Քիչ մը ողորմութիւն աշխարհը նուազ անտարբեր եւ աւելի արդար կը դարձնէ։'' Սրբազան Քահանայապետը ապա վերյիշեց 1992-ին պատահած դրուագ մը, երբ Ան նորընտիր եպիսկոպոս̀ Պուէնըս Այրեսի մէջ, ծերունի պառաւ մը քովը կու քայ խոստովանանքի, ու քահանայպետը իրեն հարց կու տայ ''մայրիկ կ'ուզե՞ս խոստովանիլ''։ ''Այո'' կը պատասխանէ պառաւը։ ''Բայց դուք ի՞նչ մեղք գործած էք'' կ'ըսէ քահանայպետը։ Պառաւը կը պատասխանէ ''ամէնքս մեղաւոր ենք. բայց Տէրը ամէն բան կը ներէ, որովհետեւ եթէ Տէրը ներողամիտ չ'ըլլար̀ աշխարհը գոյութիւն չէր կրնար ունենալ։'' Երբէք չի մոռնանք այս իրողութիւնը, Աստուած չի դադրիր մեզ ներելէ, այլ մենք ենք որ կը հոգնինք անոր ողորմութիւնը պահանջելէ։ Ան հայրն է սիրելի, որ միշտ կը ներէ եւ ողորմած սիրտ մը ունի բոլորին հանդէպ։ Մենք ալ սորվինք ողորմած ըլլալ ուրիշներու հանդէպ - ըսաւ Սրբազան հայրը- հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որ իր բազուկներուն մէջ ունեցաւ <<Ողորմութիւնը<< զոր մարդեղացաւ։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը, բոլոր հաւատացեալներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց աղօթքներուն համար։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար ըսաւ Ան - ու կը նորոգեմ իմ ողջոյնս Հռոմի հաւատացեալներուն, զայն ընդլայնելով բոլոր անոնց որ ժամանած են իտալիայէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն։
Սրբազան Քահանայապետը ապա դարձեալ անդրադառնալէ ետք ֆրանչիսկոս անունի ընտրութեան մասին խօսքը եզրափակեց ըսելով̀ ''Թող Տէրը ձեզ օրհնէ եւ Տիրամայրը ձեզի ըլլայ պահապան. երբէ'ք մի մոռնաք, Տէրը չի հոգնիր ներելէ։ Բարի կիրակի եւ բարի կէսօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.