2013-03-17 11:39:28

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Պատարագը Վատիկանի Սանդ Աննա Եկեղեցւոյ Մէջ։


Ողորմածութիւնը Յիսուսի Ամենայ Զօրեղ Պատգամն է։

Կիրակի 17 մարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, նախքան իր քահանայապետութեան առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը, առաւօտեան ժամը 10-ին, Վատիկանի Սրբուհի Աննա ժողովրդապետութեան Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Պատարագ մատոյց։
Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին, ուր կը խօսուի ''մեղաւոր կնոջ'' մասին զոր Դպիրներն ու Փարիսեցիները կ՛ուզէին քարկոծել, շնութեան մէջ բռնուած ըլլալուն համար։ Յիսուս անոնց ըսաւ. ''ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ։'' Ներկաները մէկը միւսին ետեւէն հեռացան, այնպէս որ Յիսուս առանձին մնաց կնոջ հետ։ Յիսուս հարցուց կնոջ ''ո՞ւր են անոնք. ոչ ոք քեզ դատապարտեց։'' ''Ոչ ոք, Տէր։'' պատասխանեց կինը։ ''Ոչ ալ ես, պատասխանեց Յիսուս, քեզ կը դատապարտեմ։ Գնա՛ բայց այսուհետեւ մի՛ մեղանչեր։''
Այս հատուածէն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ի յայտ կու գայ Յիսուսի ողորմածութիւնը, Անոր սէրը մարդկութեան հանդէպ։ Ողորմածութիւնը որ այժմէական Եկեղեցւոյ պատգամն է։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց այն անձերուն որ փափաքն ու կարիքը ունին ունկդրելու, Աստուծոյ խօսքը. Թէեւ շատեր կարողութիւն չունին մտիկ ընելու - ըսաւ Ան ու շարունակեց - մենք ալ այն ժողովուրդն ենք որ կ՛ուզենք մասամբ լսել Յիսուսի խօսքերը բայց միւս կողմէն հաճոյք կը զգանք ուրիշները քննադատելու եւ դատապարտելու։ Յիսուսի պատգամը սակայն ողորմածութիւնն է եւ այս, ինծի համար, համեստօրէն կ՛ըսեմ, Յիսուսի ամենէ զօրեղ պատգամն է. ''Ողորմածութիւնը։''
Յիսուս ըսած է ''չ՛եկայ արդարները փրկելու այլ եկայ մեղաւորներուն համար։''
Տէրը երբէք չի հոգնիր ներելէ - եզրափակեց ֆրանչիկոս Պապը- Երբէ'ք։ Մենք ենք որ կը դադրինք անոր ներումը խնդրելէ։ Արդ հայցենք շնորհքը, կարենալու միշտ ներողութիւն խնդրել։ Ամէն







All the contents on this site are copyrighted ©.