2013-03-16 09:45:26

Ֆրանչիսկոս Պապը Աշխարհի Համակրանքը Շահեցաւ։


Առաջին օրէն իսկ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, որուն ընտրութիւնը անակնկալի մատնեց շատերը, աշխարհի համակրանքը շահեցաւ իր խոնարհութեամբ, իր ընտրած անունով եւ իր պարզ ու մարդամօտ վարուելակերպով։ Այս ի յայտ կու գայ այն գնահատական խօսքերէն եւ շնոհաւորագիրերէն զոր ուղղած են Նորընտիր Քահանայապետին ոչ միայն Կաթողիկէ աշխարհի եւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները կողմէ այլեւ կառավարական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու նաեւ պարզ մարդիկ որ նոր Քահանայապետին մէջ գտան իրենց սրտի խօսող Հովիւ մը։
Արդարեւ Նորընտիր Քահանայապետի ընտրած անունը արդէն կը ցոլացնէ անոր քահանայապետութեան ''իքնութիւնը''։ ''ֆրանչիսկոս'' ինչպէս Ասիզիի աղքատիկ սուրբը, հիմնադիրը ֆրանչիսքեան միաբանութեան ու տիպար եղբայրսիրութեան, մարդասիրութեան, նուիրումի ու խաղաղութեան։ Կամ Սալէսի Ս. ֆրանչիսկոսը, եկեղեցւոյ վարդապետ եւ լրագրողներու պաշտպան սուրբը, ապա Ս. ֆրանչիսկոս Սավէրիոն, Յիսուսեան միաբանութենէն, միսիոնարներու պաշտպան սուրբը եւ կամ ճգնաւոր Ս. ֆրանչիսկոս Տի Բաուլան։
Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Լատին Ամերիկացի մը Քահանայապետ կ՛ընտրուի, առաջին անգամն է որ Յիսուսեան Միաբան մը Սուրբ Պետրոսի յաջորդ կը դառնայ, առաջին անգամն է որ Պապ մը ֆրնաչիսկոս անունը կը կրէ։ Եւ սակայն այս բոլորը չեն փոխեր եկեղեցւոյ ընթացքը, որովհետեւ անոր ղեկը միշտ ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուի, Քրիստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.