2013-03-16 11:08:49

Նորին Սրբութիւնը Արժէնթինի Ժողովուրդէն Խնդրեց Խնայել Ճամբորդական Ծախսերը Ի Նպաստ Աղքատներուն։


Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, ուրբաթ 15 մարտի կէսօրին մամլոյ ելոյթի ընթացքին յայտարարած է թէ Արժէնթինայի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Էմիլ Փօլ Թչէրրինկ հրատարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը հաղորդէ Նորընտիր Քահանայապետի հրաւէրը` Արժէնթինի հաւատացեալներուն, որ գահակալութեան արարողութեան առթիւ կը պատրաստուին ժամանելու հռոմ, մնալու իրենց բնակավայրերը եւ ճամբորդական ծախսերը խնայելու ի նպաստ չքաւորներուն։

Խօսելով հուսկ ֆրանչիսկոս Պապին լրագրողներու հետ նախատեսուած հանդիպման մասին, Հայր Լոմպարտին յայտնած է թէ ''լրագրողներու հետ այս հանդիպումը սովորութիւն մըն է որ սկիզբ առած էր ՅՊԲ Քահանայապետի օրով եւ զոր ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուզաց է շարունակել որպէս ''գնահատանք'' լրագրողներու մատուցած ծառայութեան ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետին։

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը ապա հաստատած է թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շաբաթ 23 մարտին կը հանդիպի Պենետիկտոս ԺԶ հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.