2013-03-15 12:38:13

Հայրապետական Գիր Օրհնութեան Տիկին Ռիթա Մելեքեանին


Շաբաթ 9 Մարտին, Հռոմի մէջ, Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով ու Ս Մեսրոպ Մաշտոցի Մետալով պատուեց Տիկին Ռիթա Մելեքեանը, 37 տարուայ որպէս խօսնակ իր պաշտօնավարութեան աւարտին։
Ահաւասիկ Հայրապետական Գիրը.
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
Առ
Սիրեցեալ Դուստր Մեր
ԱԶՆՈՒԱՓԱՅԼ ՏԻԿԻՆ ՌԻԹԱ ՄԵԼԵՔԵԱՆ
Պոլիսէն, ուր ծնած եւ հայեցի ուսումնառութեան ու դաստիարակութեան զուգահեռ, ստացած էք գեղարուեստական կրթութիւն, մինչեւ Հռոմ՝ երբեք չէք կորսնցուցած ձեր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութեան յատկանիշերը, չէք կորսնցուցած մանաւանդ ձեր արմատներէն բխած արժէքներն ու արժանիքները, որոնց գլխաւորը կը հանդիսանայ ազգային ջիղը։ Այս իրողութիւնը շատ բնական է անշուշտ, երբ նկատի ունենանք այն միջավայրը ուր հասակ նետած էք Պոլսոյ մէջ։ Միջավայր մը՝ ուր ձեր վրայ իրենց հայաբոյր դրոշմը ձգած են ձեր հօրաքրոջ՝ հանրայայտ սոփրանօ-երգիչ Թագուհի Մելեքեանը, «Պարտէզ Թերթ»ին շուրջ համախմբուած Ատրինէ Տատրեանին եւ Բագրատ Թեւեանին նման գրողներ ու մտաւորականներ եւ Պոլսոյ Եսայեան հայ աղջկանց միակ վարժարանը։
Ձեր ուսումնառութեան աւարտին, այսպիսի հայկական դաստիարակութեամբ օժտուած էք, որ ժամանած էք, Հռոմ եւ Նախախնամութեան տնօրինումով 1975-ին պաշտօնապէս ընդունուած Վատիկանի Ձայնասփիւռի մեծ ընտանիքէն ներս, իբրեւ խօսնակ։ Բնականաբար, պատահական չի կրնար ըլլալ ձեր 37 ամեայ անընդմէջ ծառայութիւնը Վատիկանի Ռատիոկայանին նման կարեւոր հաստատութենէ մը ներս, որ ծանօթ է իր պատասխանատուներուն խստապահանջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ։ Շնորհիւ ձեր ցուցաբերած շրջահայեցութեան, հաւատարմութեան, աշխատասիրութեան, քրիստոնէավայել ու հայավայել բարեմասնութիւններուն, դուք արժանացած էք Վատիկանի Ռատիոկայանի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի մեր հայ կաթողիկէ հոգեւոր եւ աշխարհական շրջանակի անդամներու սիրոյն, յարգանքին ու գնահատանքին։

Ահա, այդ սիրոյն, յարգանքին ու գնահատանքին իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն, ձեզի կը շնորհենք
ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ
Եւ այս շքանշանին, որուն արժանի դարձուցաք էք դուք զձեզ, կը միացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութեամբ իր հովանին անպակաս ընէ ձեր եւ ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ բոլոր հարազատներուն վրայէն։
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյս ի Զմմառ
Յիններորդում աւուր յամսեանն Մարտի յամի Տեառն 2013
Ի չորեքտասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ








All the contents on this site are copyrighted ©.