2013-03-15 12:39:45

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Շնորհաւորական Նամակը Նորընտիր Պապին


Շնորհաւորագիրին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս, Սուրբ Պետրոսի աթոռի գահակալ ընտրուելու բերկրալի առիթով Ձերդ սրբութեան կը յղենք եղբայրական սիրոյ մեր ջերմ ողջոյնները եւ շնորհաւորանքները: …Քաղցրութեամբ կը յիշենք մեր հանդիպումները Ձերդ սրբութեան հետ Արժանթինի մէջ, երբ առիթ ունեցած ենք Ձեզի ճանչնալ իբրեւ քաջ, իմաստուն եւ արդարամիտ հովիւ: Մենք ուրախ ենք անդրադառնալու Ձեր անկեղծ սիրոյ, որ կը ցուցաբերէք հայ ժողովուրդին նկատմամբ»:
«Ուրախութեամբ կը հաստատենք, որ մեր Եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնները յատկանշուած են եղբայրական ջերմութեամբ: Մեծապէս կարեւոր կը նկատենք այն յառաջընթացը, որ արձանագրած են մեր եկեղեցիները մեր եւ մեր նախորդներու շրջանին` փոխադարձ այցելութիւններով, կրթական եւ բարեսիրական բազմաթիւ ծրագիրներով», նորընտիր պապին գրած է վեհափառ հայրապետը` շարունակելով. «Կ՛աղօթենք, որ այս յարաբերութիւնները աւելի հարստանան եւ զարդարուին սիրոյ գործակցութեան նոր ձեռքբերումներով` ի խնդիր մարդկութեան առջեւ դրուած արդի մարտահրաւէրներու յաղթահարման, ժողովուրդներուն եւ ազգերու միջեւ երկխօսութեան եւ բարեկամութեան…»:








All the contents on this site are copyrighted ©.