Արամ Ա. Կաթողիկոսին Շնորհաւորական Նամակը Նորընտիր Պապին
Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Հռոմէական եկեղեցւոյ նորընտիր
սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Ա. պապին` անոր ընտրութեան առիթով, 14 մարտ 2013-ին: Ձերդ
սրբութիւն, Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ քրիստոնէական սիրոյ ու եղբայրակցութեան
ոգիով կ՛ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը: Վստահ ենք, որ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ դիմագրաւած
մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն, Ձեր ընտրութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան
ու վկայութեան նկատմամբ նոր յոյս պիտի բերէ: Ձեր կեանքի պարզութիւնը, ընկերութեան զրկեալ
դասակարգին նկատմամբ Ձեր ունեցած յատուկ հոգածութիւնը եւ Ձեր ամբողջական յանձնառութիւնը
եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան, վստահաբար նոր կենսունակութիւն պիտի յառաջացնէ կաթոլիկ
եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան ծիրին մէջ: Մեր հաստատ յոյսն է, որ վերանորոգ
թափով պիտի շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հռոմի եկեղեցւոյ միջեւ
գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, որ արմատացած է մեր երկու եկեղեցիներու պատմութեան
մէջ: Մեր սպասումն է, որ միջեկեղեցական յարաբերութեանց այս ժամանակաշրջանին կաթոլիկ եկեղեցւոյ
միջեկեղեցական դերակատարութիւնը աւելի լայն արտայայտութիւն գտնէ միջազգային, շրջանային
եւ տեղական մակարդակներու վրայ: Այս յոյսով, կրկին անգամ Ձերդ սրբութեան կը փոխանցենք
Մեր եղբայրական սէրն ու ջերմ շնորհաւորութիւնները: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ
Ձեզ զօրացնէ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս, որպէսզի կարողանաք զօրեղ հաւատքով ու յստակ տեսիլքով
կատարել Ձեզի վստահուած հայրապետական առաքելութիւնը` բազմազան մարտահրաւէրներով լեցուն
ներկայ ժամանակներուն: Ձերդ Քրիստոսով` ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ