2013-03-14 13:20:56

Ֆրանչէսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գահակալութեան Արարողութիւնը 19 Մարտին։


Չորեքշաբթի 13 մարտի երեկոյեան ժամը 19,06-ին համայն աշխարհ իմացաւ թէ Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ փակուած 115 կարտինալները ընտրեցին Հռոմի 266րդ Քահանայապետը, յանձինս`Պուէնոս Այրէսի Մետրոպոլիտ, Կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի, որ առաւ ֆրանչէսկոս անունը։
Կարտինալ Պերկոլիոյ խոնարհ ու հեզ անձնաւորութեան համբաւը ունի եւ այս ի յայտ եկաւ առաջին վարկեաններէն իսկ, երբ սրտբաց` Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, յատնուեցաւ աշխարհին, վիզը կրած իր եպիսկոպոսական պարզ խաչը, արտասանեց իր առաջին խօսքերը, ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող 100 հազար հաւատացեալներէն խնդրեց որ պահ մը լռելեան աղօթեն, որպէսզի Աստուած օրհնէ զինք նախ քան իր առաքելական օրհնութիւնը ջամբելը։
Հրճուանքը, ուրախութիւնը եւ խանդավառութիւնը պատեց համայն աշխարհի քրիստոնեաները։Սուրբ Պետրոսի Նաւի ղեկը կը յանձնուէր հեռուէն եկող նոր Քահանայապետի մը ձեռքը, որ ընտրեց խոնարհութիւնը եւ ծառայութիւնը յատկանշող ''ֆրանչէսկոս'' անունը։
Քահանայապետի ընտրութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ, ֆրանչէսկոս Սրբազան Հայրը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին հետ։
Իսկ այսօր հինգշաբթի 14 մարտին առաւօտ կանուխ, ինչպէս ինք յայտնած էր իր առաջին ելոյթի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճճորէ` Տիրամօր աւագ պազիլիքան, գոհաբանական աղօթք մատուցելու Տիրամօր, ու խնդրելու անոր բարեխօսութիւնը։ Նորընտրի Քահանայապետին ընկերացան Քահանայապետական Տան կառավարիչ գերապայծառ Կէորկ Կէնզուէյն ու փոխ կառավարիչ գերապայծառ Լէօնարտօ Սաբիէնցա։
Միշտ Հայր Լոմպարտիի յայտարարութեամբ հինգշաբթի 14 մարտի յետ միջօրէին Նորին Սրբութիւնը, Սիքստինեան մատրան մէջ, Կարտինալական դասի հետ միասին կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Ուրբաթ 15 մարտի առաւօտեան, ֆրանչէսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Գլեմենթինա Սրահին մէջ կ՛ընդունի կարտինալական դասի անդամները, մինչ շաբաթ 16 մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու գործակալներուն։
Կիրակի 14 մարտի առաւօտեան Սրբազան քահանայապետը կը կատարէ իր առաջին հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքը։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յատարարութեամբ ֆրանչէսկոս Քահանայապետի գահակալութեան Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 19 մարտի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը։









All the contents on this site are copyrighted ©.