2013-03-14 14:44:13

Պիտի Վերանորոգուի Անիի Աւերակներու Ս. Փրկիչ Եկեղեցին


«Մարմարա» կը գրէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան վարչութեան տնօրէն Հաքան Տողանայ «Սթար» թերթին մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն դիտել տուած է, որ պահպանումի ու ապագայ վերանորոգութեան ծրագիր մը կը պատրաստուի Անիի աւերակներու նշանաւոր եկեղեցիներէն Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ համար: Ան ըսաւ, որ այս եկեղեցին Անիի մէջ կանգուն մնացած 21 յուշարձաններէն մէկն է եւ անիկա 1954 թուականին կայծակի մը պատճառով երկուքի բաժնուած էր: Կայծակին պատճառով տարտղնուած քարերը աւելի ուշ թուագրուեցան եւ թանգարանի մը մէջ պահուեցան:
Վերանորոգութեան ընթացքին այդ քարերը թուագրութեան համաձայն պիտի դրուին իրենց նախկին տեղերը: Եկեղեցին ունի 33 մեթր ու 33 սանթիմ բարձրութիւն, սիւն չունի, ունի միակ գմբէթ մը: Այս եկեղեցին վնասուած է մերձակայ քարահանքերու աշխատանքին պատճառով: Վերանորոգութեան ծրագիրները քիչ մը երկար կը տեւեն, որովհետեւ նախապէս պէտք է ստացուի շրջանային պահպանութեան խորհուրդներու հաւանութիւնը:
«Եթէ Թուրքիա մտնէ Համաշխարհային ժառանգութիւններու ցանկին մէջ, այն ատեն հոս տեսնուող բոլոր գլուխ-գործոցները ամբողջ աշխարհի սեփականութիւնը պիտի նկատուին», ըսաւ Տողանայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.