2013-03-14 18:02:14

Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Գոհաբանական Ս Պատարագը։


Վատիկան- Հինգշաբթի 14 մարտի (2013) յետ միջօրէին, Նորին Սրբութիւն ֆրանչեսկոս քահանայապետը, Քոնքլավի մասնակցող կարտինալական դասին, ու բարձրաստիճան եկեղեցականներուն հետ միասին գոհաբանական Ս պատարագ մատոյյց (առաջինը իր ընտրութենէն ետք) աշխարահռչակ Sistina շքեղ մատրան մէջ, ուր եւ կարտինալական դասը զինք Ս Պետրոսի յաջորդ ընտրած էր։
Մատուռը ամբողջովին լուսաւորուած աւելի հրապոյր կու տար Միքելանճելոյի գլուխ գործոց որմնանկարներուն։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք Սրբազան Հայրը իր արտասանած հակիրճ ճառին մէջ (իտալերէնով) իր խօսքը կեդրոնացուց կարեւոր երեք կէտերու վրայ. որ քրիստոնեային ու կրօնաւորին համար մեծապէս կարեւոր է.
՜՜Քալել, այսինքն ընթանալ, կառուցել եւ դաւանիլ՝՝
Ընթանալ քրիստոսի ուղիէն, կառուցել (եկեղեցին) ժայռի վրայ եւ դաւանիլ Յիսուս Քրիստոսը. այս երեքը նաեւ իրարու կապուած են, եթէ չքալենք յառաջ չենք երթար, չենք յառաջանար ու չենք հասնիր Քրիստոսին, եթէ չկառուցենք ամուր ժայռերու վրայ շուտով կը քանդուի մեր կառուցածը, եւ եթէ չդաւանինք Յիսուս Քրիստոսը, այն ատեն աշխարհիկ ու սին բաներու մասին կը խօսինք այսինքն սատանային մասին...









All the contents on this site are copyrighted ©.