2013-03-14 14:40:51

Նոր Քահանայապետի Ընտրութիւնը Եւ Աշխարհի Քաղաքական Ու Կրօնական Պատասխանատուներու Շնորհաւորագրերը։


Ուաշինկթոն-Պուէնոս Այրէս, Օպամայի ջերմ ու սիրալիր բարեմաղթութիւնները ի լուր ամերկացի առաջին Քահանայապետին ընտրութեան, ու Արժենթինայի նախագահ` Քրիստինա Քիրշների վերապահութիւնը։
Մինչ ԱՄՆի նախագահը` Պարագ Օպամա չորեքշաբթի իրիկուն իր ջերմագին բարեղաղթիւնները կը յայտնէր ամերիկացի առաջին Քահանայապետի ընտրութեան ի լուր, Արժէնթինայի նախագահը` տիկին Քրիստինա Քիրշներ գոհացաւ նորընտիր Քահանայապետին մաղթել. ''հովուական պտղաբեր առաքելութիւն''։
Նախագահ Օպամա ողջունեց նոր Քահանայապետը որպէս ախոյեանը աղքատներու ու դիւրաբէկներու դատին, ընդգծելով որ Պապը պիտի շարունակէ սփռել երկուհազարամեայ ''սիրոյ ու գթութեան'' Աւետարանի պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.