Յոիսուսեան Հայր Լոմպարտին Ուրախ եւ Անակնկալի Մատնուած է։
Նոր Քահանայապետի անունի յայտարարութեան ի լուր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, լրագրողներու
հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, յայտնած է թէ ''խորապէս ցնցուցած'' է եւ միաժամանակ
ուրախ։ ''Մեծ անակնկալ մըն է Պերկոլիոյի ընտրութիւնը, որ կը բացայատէ կարտինալներու
''քաջութիւնը'' որ առաջին անգամուայ համար կ՛ընտրեն Լատին Ամերկացի մը որպէս Քահանայապետ''
ըսած է Հայր լոմպարտին մատնանշելով նաեւ թէ Ան կը հանդիսանայ առաջին Յիսուսեան միաբանութեան
անդամ քահանայապետ։ Հայր Լոմպարտին ակնարկած է նաեւ ''ֆրանչէսկոսի'' եւ ''Պենետիկտոսի''
միջեւ ''խոր հոգեւոր կապին''։ Ան ապա ընդգծաց է Յիսուսեան Միաբանութեան ծառայութեան
հոգին, ակնարկելով թէ նորընտիր Քահանայապետը այս Հոգիով է որ ընդունած է Քահանայապետութիւնը,
ոչ որպէս իշխանութիւն այլ որպէս Եկեղեցւոյ լոկ ծառայութիւն։