2013-03-14 14:43:51

Իսլամ Հաֆիտ Ուատրիրիի Յայտարարութիւնը։


Նոր Քահանայապետի ընտրութեան ի լուր, իսլամ Հաֆիտ Ուատրիրի յայտարարեց որ հարաւային աշխարհամասէն եկած Քահանայապետով, Կաթողիկէ Եկեղեցին աւելի պայծառացաւ։ Մաղթանքս է - ըսաւ Ուարտիրի - որ թերաճ երկրի զաւակը` ֆրանչէսկոս Քահանայապետը, աւելի բացուի աշխարհին ու այլ կրօններուն։ Վստահ եմ որ նոր Քահանապետը իր կարելին պիտի կատարէ միջկրօնական երկխօսութեան ի խնդիր եւ պիտի հանդիսանայ ''խաղաղութեան ուխտաւոր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.