2013-03-13 10:37:01

Քոնքլաւին Քուէաթուղթերը Յար Եւ Նման Են Անցեալ՝ 2005-ին Քոնքլաւին Քուէաթուղթերուն։


Քուէաթուղթերը ուղղանկիւնաձեւ են (12 X 14 ս.մ) որոնց վերի մասը տպագրուած է է լատիներէն՝ ՜՜ կ՝ընտրեմ որպէս գերագոյն քահանայապետ՝՝ յաջորդ տողը ազատ է, որպէսզի ընտրող կարտինալը ինք գրէ իր ընտրած թեկնածուին անունը։ Թուղթը այնպէս մը եղած է որ զայն ապա կարելի է երկուքի ծալլել...
Ինչպէս արդէն յիշած էինք մեր նախորդ հաղորդումներուն, իւրաքանչիւր կարտինալ յստակ կերպով եւ իր իսկ ձեռքով պէտք է գրէ անունը ապագայ քահանայապետին...եւ միայն մէկ անձ կարելի է ընտրել...մէկ անուն յիշել թէ ոչ ընտրութիւնը անվաւեր կը սեպուի։
Քահանայապետի ընտրութեան համար քուէաթուղթերու գործածութիւնը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ 1198-ին՝ Իննոչէնցօ Գ. Պապին օրով. այլ ընտրասրահի մը մէջ այն է՝ (Սէթթիմիօ Սէվէրոյի դարաշրջանին կառուցուած Սէբթիծոնիում շէնքի Սէբթա Սօլիս սրահը, որը ապա դարձած է պարիսպ...) ։








All the contents on this site are copyrighted ©.