2013-03-13 19:11:52

Սուրբ Պետրոսի Յաջորդը


Սուրբ Պետրոսի Յաջորդութիւնը կը սկսի Երուսաղէմի ժողովէն, ինչպէս կը կարդանք Գործ Առաքելոցին մէջ (գործ առ. 15,14-17)։

Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս խօսք առաւ եւ ըսաւ. «Եղբայրներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք. Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը: Այս բանին հետ կը համաձայնին մարգարէներուն խօսքերն ալ, ինչպէս գրուած է. “Ասկէ ետք պիտի վերադառնամ ու պիտի վերակառուցանեմ Դաւիթի փլած խորանը. պիտի վերակառուցանեմ անոր աւերակները եւ վերականգնեմ զայն, որպէսզի մնացած մարդիկը փնտռեն Տէրը, նաեւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնք իմ անունովս կոչուած են՝՝,- կ՚ ըսէ Տէրը՝ որ կ՚ ընէ այս բոլոր բաները”:
Ղուկասի Աւետարանը կը պատմէ. ''ես ձեր մէջ սպասարկուի մը պէս եմ'': (Ղուկ. 22.24-27)։

Այս տողերով կը բացայայտուի աստուածաշնչական նշանակութիւնը կարտինալական դասի կողմէ Քահանայապետի ընտրութեան։

Եկեղեցին չի կրնար ըլլալ Քրիստոսի մէջ առանց Պետրոսի, որուն վէմն ու գլուխն է, նոյնպէս Պետրոս Բուրգի մը գագաթին միայնակ ղեկավար մը չէ . ան է''առաջինն'' է եւ գլուխը տասնըմէկին եւ անոնց հետ եղողներուն (Ղուկ.24,33)։Ան կեդրոնն է մարդոց ''հաղորդութեան''ը, կանոնաւորապէս ուղղուած դէպի միակ ''Հովուապետին'' (1 Պետ.5,4) Աստուծոյ ժողովուրդի բոլոր հովիւներուն Հովիւը։ Այս Հովուապետին, ան ''տեսանելի խորհուրդն'' է, պատմութեան ամէն մէկ պահուն, հետեւաբար ժամանակաւոր է։ Այս պատճառաւ է որ Պետրոս միշտ կը յիշուի ''ուրիշներու հետ'', եւ ուրիշները անոր շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.