2013-03-12 17:35:03

Քահանայապետի Ընտրութեան Քուէարկութիւնները։


Նոր Քահանայապետի ընտրութեան վաւերականութեան համար պահանջուած է քուէներու երկու երրորդը, հաշուի առնելով ընտրող ներկայ Կարտինալներու թիւը։ Այն պարագային, որ ներկաներու թիւը անհնարին ըլլայ բաժնելու երեքի, կը պահանջուի հնարաւոր երկու երրորդը առաւել մէկ քուէ (նախաբան 62)։
Եթէ քուէարկութիւնը սկսի առաջին օրուայ յետ միջօրէին, այդ օրը տեղի կ'ունենայ միայն մէկ քուէարկութիւն։ Յաջորդ օրերուն կը նախատեսուին երկու քուէարկութիւններ մին առաւօտեան միւսը կէսօրին։
Քուէարկութիւններու պարագաները շատ մանրամասն կերպով նկարագրուած են ''«Universi Dominici Gregis» Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ, նախատեսելով նաեւ հնարաւորութիւնը՝ որ Կարտինալներէն մին կրնայ հիւանդ ըլլալ եւ կրնայ քուէարկել «Domus Sanctae Marthae» հիւրանոցի իր սենեակէն ներս։ Քուէները բանալէն եւ հաշուելէն ետք՝ բոլոր քուէաթղթերը պէտք է այրուին (նախաբան 68-70)։ Եւ այս գործողութեան հետեւանքով է որ Սուրբ Պետրոսի կամարներու վրայ զետեղուած բուխերիկէն ելած ծուխը կը յայտնէ քուէարկութեան արդիւնքը։ Եթէ սեւ կամ մոխրագոյն է, ըսել է թէ՝ Քահանայապետը տակաւին չէ ընտրուած։ Մինչ սպիտակ մուխը կը նշանակէ թէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը ընտրուած է։


Թէ Ինչ Կ'ըլլայ՝ Եթէ Ոչ Ոք Քուէներու Երկու Երրորդը Ունենայ։
Այն պարագային որ Կարտինալները դժուարութիւնը կ'ունենան համաձայնելու ընտրուելիք անձին վերաբերեալ, ապարդիւն քուէարկութիւններու երեք օրերէ ետք նախատեսուած է դադար մը, առաւելագոյնը մէկ օր, «աղօթքի, ընտրողներու միջեւ ազատ երկխօսութեան եւ հոգեւոր համառօտ յորդորի մը համար», որ կը կատարէ Սարկաւագներու Միաբանութեան առաջին Կարտինալը։ Ապա քուէարկութիւնները կը վերսկսին եւ եթէ նորէն տեղի ունենան եօթը ապարդիւն քուէարկութիւններ, կը կատարուի ուրիշ դադար մը եւս, առաջինի նմանութեամբ. այս միեւնոյն գործելաձեւը կը կրկնուի եւս եօթը ապարդիւն քուէարկութիւններէ ետք, որոնց աւարտին Քամերլենկոն կը հարցնէ Կարտինալներու կարծիքը՝ թէ ինչպէս պէտք է շարունակեն։ Այնուամենայնիւ, ընտրութեան համար անհրաժեշտ կը մնայ կամ քուէներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կամ քուէարկութիւնը, միշտ բացարձակ մեծամասնութեամբ, վերջին քուէարկութեան ժամանակ, աւելի քուէարկուած՝ երկու անուններու միջեւ (նախաբան 74-76)։








All the contents on this site are copyrighted ©.