2013-03-12 12:54:02

Այսօր Սկիզբ Կ՛առնէ 266-րդ Քահանայապետի Ընտրութեան Կարտինալական Ժողովը։


Երեքշաբթի յետ միջօրէի ժամը 4,30-ին, ընտրող 115 կարտինալները հանդիսաւոր թափօրով կ՛ուղղուին դէպի Սիքստինեան մատուռ, ուր սկիզբ կ՛ առնէ Քոնքլաւը, Պապընտիր Ժողովը։
Քահանայապետական Ծիսական Արարողապետի արտասանած «extra omnes» (բոլորը դուրս), նախադասութեան, ընտրող Կարտինալներէն բացի, ամէն ոք դուրս կու գայ Սիքստինեան Մատուռէն։
Ընտրող Կարտինալներէն բացի, Սիքստինեան մատրան ներս կը մնան նաեւ Արարողապետը եւ Կարտինալ Բրոսփէր Կրէխ որ ընտրուած է ընթերցելու ընտրող Կարտինալներու համար երկրորդ խորհրդածութիւնը։ Խորհրդածութեան աւարտին, եկեղեցականը եւ Արարողապետը նոյնպէս դուրս կու գան Մատուռէն։
Ընտրող Կարտինալները, Քոնքլաւի Սրբազան Արարողութեան Կանոնով նախատեսուած աղօթքները արտասանելով, կ'ունկնդրեն Գահերէց Կարտինալի խօսքը։
Ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքին, ընտրող Կարտինալները պէտք է հրաժարին նամակագրական կապէն, հեռաձայնային կամ ձայնասփիւռային խօսակցութիւններէն, ի բացառեալ՝ «ծանր եւ անյապաղ պատճառներուն համար»։ Անոնք Չեն կրնար առաքել կամ ստանալ որեւէ տեսակի նամակներ, չեն կրնար ընթերցել որեւէ բնոյթի օրաթերթեր կամ պարբերականներ, չեն կրնար դիտել հեռատեսիլային հաղորդումներ կամ ունկնդրել ձայնասփիւռը։










All the contents on this site are copyrighted ©.