2013-03-11 14:59:45

Քրիստոնեաներու Պատկանող Աւելի Քան 100 Տուներ Կրակի Տրուած են Փաքիստանի Մահմետականներու Կողմէ


Քրիստոնեաներու պատկանող աւելի քան 100 տուներ կրակի տրուած են Փաքիստանի մահմետականներու կողմէ` ամբաստանութեան դրդապատճառը հայհոյութիւն մըն է։
Լահորի քրիստոնեայ թաղամաս մը կրակի տրուած է 9 մարտին ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ այրելով աւելի քան 100 տուներ, բնակիչները պարտաւորուեցան փախչիլ, կը հաղորդագրէ ''Ասիա նիւզ'' կաթողիկէ լրատու գործակալութիւնը։ Ոճրագործութեան դրդապատճառը իսլամութեան դէմ, հայհոյանքի մը ամբաստանութիւնը այդ թաղամասի մէկ բնակիչի կողմէ։ Մահմետականները կատղած յարձակում կատարեցին կրակ տալով քրիստոնեայ տուներու դէմ ։ Ոստիկանութիւնը ոչ մէկ միջամտութիւն կատարեց ու թաղամասի մահմետական կրօնապետը երդում կատարեց հայոյիչը սպաննել տալ։










All the contents on this site are copyrighted ©.