2013-03-11 12:51:01

Սուրիական Ռաքքա Քաղաքի Հայութիւնը Հեռացած ՝ Հալէպ, Լաթթաքիա եւ Քամըշլը։


Թուրքիոյ սահմանակից Ռաքքա քաղաքին մէջ, ուր շուրջ շաբաթ մը առաջ հսկողութիւն հաստատած են ընդդիմադիրները, բախումները չեն դադրիր ու կը շարունակուին նաեւ օդային ռմբակոծութիւնները :
Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռեյիսեան տեղեկացուցած է որ Ռաքքա գտնուող հայերու մեծամասնութիւնը հեռացած է հոնկէ,երթալով դէպի Լաթթաքիա, Քամըշլը եւ Հալէպ: Այդ քաղաքներու Շտապօգնութեան Մարմինները հնարաւոր ամէն ինչի կը ձեռնարկեն տեղահան եղած հայերուն օգնելու համար: Ռեյիսեանը նաեւ տեղեկացուած է որ մինչեւ այժմ Ռաքքայի մէջ սպաննուած կամ վիրաւորուած հայու մասին լուր չէ հասած :

Այն ինչ կը վերաբերի Հալէպ տիրող իրավիճակին, Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղարը նշած է որ այժմ կացութիւնը համեմատաբար հանդարտ է, բայց անշուշտ թէ բնակչութեան մօտ կը տիրէ անապահովութեան եւ զարհուրանքի զգացումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.