2013-03-11 13:32:48

Պոլսահայերը Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցիներ Ուխտագնացութեան Սկսած Են


Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ պոլսահայերու ներկայացուցիչները «Խաչի ճանապարհ» անունով ուխտագնացութեան մը սկսած են եւ պիտի այցելեն Կեսարիոյ, Անտիոքի եւ Ալեքսանտրէթի եկեղեցիները:
Կեսարիոյ մէջ հայերու առաջին կանգառը եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր մատուցուած է պատարագ, որուն մասնակցած են պոլսահայեր եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հայեր:
«Կեսարիան մեր հաւատքի ակունքներուն մէջ է: Մեր` հայերուս քրիստոնէացումը սկսած է Լուսաւորիչով: Տեղի ունեցած պատարագով մենք թէ՛ մեր պարտականութիւնը կը կատարենք, թէ՛ կը յիշենք Գրիգոր Լուսաւորիչը: Աստուծմէ շնորհակալ ենք, որ այս եկեղեցին կայ: Կեսարիան նախապէս քրիստոնէական կեդրոն եղած է: Այս քաղաքը մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի», ըսած է պատարագին մասնակից Սահակ եպս. Մաշալեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.