2013-03-11 12:52:36

Եգիպտական Մէկէ Աւելի Քաղաքներու Մէջ Բռնարարքներ. «Պատրաստ Եմ Հրաժարելու, Եթէ Ատիկա Եգիպտոսի Տագնապը Կը Լուծէ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Ներքին Գործոց Նախարարը:


Շաբաթ օրուայ Գահիրէի եւ Փոր Սայիտի բռնարարքներուն պատճառով երկու զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուած էին:
Բռնարարքներու նոր ալիքը ընթացք առաւ, երբ «Փոր Սայիտի մարզադաշտի ջարդ»-ին հարցով 21 ամբաստանեալներ կախաղան բարձրանալու, 5 ամբաստանեալներ ցկեանս բանտարկութեան, իսկ 6 ուրիշներ 15 տարուան բանտարկութեան վճիռ ստացան:
Գահիրէի մէջ ֆութպոլի Ահլի խումբի համակիրները Ժազիրա շրջանին մէջ գտնուող ոստիկանութեան ակումբն ու Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին հրկիզեցին: Փոր Սայիտի մէջ անոնք ապահովութեան տնօրէնութեան եւ նահանգապետարանի շէնքեր ուղղուեցան` բողոքելու համար դատարանին արձակած վճիռին դէմ:
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Իպրահիմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պահանջեց ոստիկանութիւնը ներքին քաղաքական տարակարծութեանց մէջ չներքաշել` աւելցնելով, որ զինեալ ուժերը չեն կրնար երկրին մէջ ապահովութեան պահպանման դերը կատարել` նշելով, որ ոստիկաններուն բարոյականը լրատուական իրերայաջորդ յարձակումներուն պատճառով անկում արձանագրած է:
Նշենք, որ Եգիպտոսի տարբեր շրջաններուն մէջ ոստիկաններ գործադուլ կատարեցին` պահանջելով դատական անձեռնմխելիութիւն ունենալ, ցուցարարներու հետ բախումներու ընթացքին աւելի ազդու զէնքեր ունենալ: Ներքին գործոց նախարարը խոստացաւ ջանալ անոնց հարցերը լուծել: Ան յայտնեց, որ «յեղափոխութենէն ի վեր ոչ իսկ փամփուշտ մը արձակուեցաւ»` հերքելով այն լուրերը, թէ ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն վրայ կրակ կը բանայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.