2013-03-11 12:51:57

Այնճառի Կարդինալ Աղաճանեանի Տան Անդամներու Այցը Զմմառու Դարաւոր Վանքը։


Այնճառի Կարդինալ Աղաճանեանի Տան 35 անդամներ, գլխաւորութեամբ կեդրոնին տնօրէն՝ Տէր Ալիշան Աբարթեանի և իր աշխատակազմին, Ուրբաթ 8 Մարտին, այցելեցին Զմմառու դարաւոր վանքը, կառուցուած՝ 1749-ին:
Անոնք մօտէն ծանօթացան վանքին հնամենի պատմութեան եւ յատկապէս հրաշագործ Տիրամօր հրաշքներուն, այցելեցին զանազան բաժինները, յատկապէս նոր եւ հին թանգարանը, մատենադարանը, գինեմառանը իր նորոգուած բաժիններով: Ապա նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Նորընծայարանի շէնքը, որ այս տարի կը յիշատակէ իր կառուցման 50-ամեակը (1963): Այս այցելութեան նպատակներէն մին էր, արթնցնել տարբեր տարիքի այս տղոց մէջ քահանայական կեանքի սէրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.