2013-03-09 14:17:01

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Յիշարժան Կարեւոր Թուականներ - 2011 2012 Տարեշրջանը:


28 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 20-էն սկսեալ Ս. Պետրոսի Առաքելական Աթոռը ''Թափուր Աթոռ է''։
Որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ պետ, Պենետիկտոս ԺԶ.ի առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր, որուն ընթացքին ան 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, երեք շրջաբերական թուղթեր հրատարակեց, 84 կարտինալներ նշանակեց եւ երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, սկսելով Ռաթիզպոնի մէջ արտասանած ճառին հետեւանքով թիւրիմացութենէն մինչեւ իր անմիջական ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկամոլութեան հարցը։ Ջանաց ՜՜երկխօսութիւն՝՝ հաստատել lefebvristes-ներու ու նաեւ շեշտակի կերպով հրեաներու հետ։ Ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան երկիրներու հետ։

2011-ի՝ 18-21 օգոստոս Պենետիկտոս ԺԶ մասնակցեցաւ JMJ երիտասարդաց համաշխարհային 26 օրուան, Մատրիտի մէջ (Սպանիա)։
22-25 Սեպտեմբեր Գերմանիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Պերլինի մէջ յիշատակելի ճառ մը արտասանեց, Էրֆուրթի մէջ անգամ մը եւս հանդիպում ունեցաւ մանկամոլ քահանաներու զոհ անձերուն հետ... ֆրիպուրկ էն Պրիսկաուի մէջ մաղթեց եւ խնդրեց որ եկեղեցին ըլլայ ՜՜ոչ աշխարհիկ՝՝ ազատելով իր ՜՜նիւթական եւ քաղաքական բեռէն՝՝...
23 հոկտեմբերին սրբադասեց 3 երանելիներ։ Արդարեւ իր քահանայապետութեան շրջանին Պենետիկտոս ԺԶ. 37 սուրբեր հռչակեց...
27 հոկտեմբերին Ասսիզիի մէջ մասնակցեցաւ տարբեր կրօններու պետերու եւ ներկայցուցիչներու հետ միջկրօնական համախմբումին, արդարեւ 25 տարի առաջ երանելի ՅՊԲ քահանայապետը առաջին անգամ մեկնարկեց սոյն համախմբումին, անոր մասնակցեցան ոչ միայն հաւատացեալներ այլեւ ոչ հաւատացեալ անձեր...
18-20 նոյեմբեր այցելեց Պէնան,Արեւմտեան Ափրիկէի աւետարանացման 150-րդ տարեդարձին առթիւ հրատարակելով առաքելական յորդորագիրը երկու տարի առաջ Վատիկանի մէջ գումարուած՝ Ափրիկէի յատուկ սիւնոդոսի աշխատանքներու աւարտին։

2012-ին Վաթիլիքսի գայթակղութեան տարին...
18 փետրուար 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ 24 նոր կարտինալներ անուանեց. Իր քահանայապետութեան սկիզբէն , ան ընդամէնը 84 կարտինալներ՝ այսինքն եկեղեցւոյ նոր իշխաններ անուանած է ։
20 մարտին, Սրբազան Հօր Իրլանտա կատարած առաքելական այցելութենէն ետք՝ տեղւոյն կղերին կողմէ կատարուած մանուկներուն կիրարկուած բռնաբարումին ի տես, Ս Աթոռը մանկամոլութեան դէմ պայքար կը յայտարարէ։
23-28 Մարտ, Պենետիկտոս ԺԶ այցելեց Մեսսիքօ-ն . ուր ջերմ ընդունելութիւն գտաւ մեքսիքացի ժողովուրդի կողմէ. այցելեց նաեւ Գուպան ուր հանդիպում ունեցաւ Գուպայի յեղափոխութեան հօր՝ ֆիտէլ Գասթրոյի հետ։
23 մայիսին Սրբազան Հօր անմիջական ամենամօտիկ սպասաւորը՝ Փաուլօ Կապրիէլէն կը ձերբակալուի Վատիկանի ոստիկանութեան կողմէ, ապա IOR-ի՝ Վատիկանի դրամատան տնօրէնը՝ իտալացի Էթթօրէ Կոթթի Թէտէսքին կը ստիպուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն... Հոս նշենք թէ Վատիկանի դատարանը 18 ամսուայ բանտարկութեան կը դատապարտէ Սրբազան Պապին սպասաւորը՝ Փաուլօ Կապրիէլէն սակայն 22 դեկտեմբերին Սրբազան հայրը ներում կը շնորհէ անոր։
2012-ի կարեւոր դէպքերէն կարելի է կոչել Սրբազան Հօր 14 - 16 սեպտեմբեր կատարած ճամբորդութիւնը Լիբանան, յանձնելու՝ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսաց յատուկ Սիւնոդոսի յորդորագիրը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը այցելեց Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան դարաւոր վանքը ու բացումը կատարեց Յակոբ Մեղապարտի ուրբաթագրքի հեղինակին կիսանդրիին, հայ տպագրութեան 500 առթիւ։ Պատմական աննախընթաց դէպք մը, քանի որ Ա. քահանայապետն է որ կ՝այցելէ հայ կաթողիկէ այս հաստատութիւնը... Ի դէպ Լիբանան կատարած այցելութիւնը կը հանդիսանայ վերջինը, Նորին Սրբութեան։
7 - 28 Հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ կը գումարուի ՜՜Նոր Աւետարանութեան՝՝ մասին եպիսկոպոսաց սիւնոդոսը։
21 նոյեմբեր 2012-ին լոյս կը տեսնէ Սրբազան Քահանայապետին ՜՜Յիսուս Նազովրեցի՝՝ եռամաս գրքին վերջին մասը, որը ամբողջութեամբ կ՝անդրադառնայ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.