2013-03-09 14:09:00

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-ամեակի Առթիւ Ձեռնարկ....


Արցախեան ազատագրական պայքարի նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական ուսումնասիրական խմբակին, Ուրբաթ 22 Փետրուարին ժամը 11.30-ին վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն։
Տեսիլ Քէշիշեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք' արցախեան երգերու փունջ մը հրամցուեցաւ. ապա օրուան դասախօսը՝ «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից օրդ. Արշօ Պալեան, ներկայացուց Արցախեան ազատագրական պայքարի պատմութիւնը, քաջարի հերոսներու նուիրական աշխատանքն ու զոհաբերութիւնը, եւ մաղթեց որ հայ աշակերտները ապագային այցելեն Արցախ եւ տեսնեն այդ հողին կառչած մնալու ժողովուրդին կամքը եւ զօրութիւնը։ Ան ըսաւ որ երիտասարդութիւնը պէտք է սատարէ Արցախի վերաբնակեցման եւ անոր բարգաւաճման աշխատանքին, մերժելով հողային զիջումներ կատարելու քաղաքականութիւնը, որովհետեւ արեան գնով ազատագրուած հողերը «նուէր» չեն տրուիր։ Աւարտին՝ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը՝ պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ արցախահայութիւնը վերանորոգեց հայութեան մօտ յաղթանակի կամքն ու ոգին եւ Արցախի հերոսները, իրենց քաջութեամբ եւ խիզախութեամբ կերտեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն յաղթանակը։ Արցախի օրակարգը, եզրափակեց պրն Գալուստ, հայ աշակերտին համար պէտք է դառնայ հետաքրքրութեան առանցք եւ ամէնօրեայ օրակարգ։
Յայտնենք, որ արցախեան նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ արտասանութեան, երգի եւ պատի թերթի մրցումներ, ինչպէս նաեւ՝ բազմատեսակ ձեռային աշխատանքներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառութիւն եւ բարձրօրէն արժեւորեցին նահատակներուն նուիրական ոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.