2013-03-09 14:19:51

2013՝ Հայ Մօր Տարի


Հռչակուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ։
Հայ Մայրը Հայ Բանաստեղծներու Գործերուն Ընդմէջէն...
Հայ բանաստեղծ՝ Մատթէոս Մամուրեանէն որ մօր գովքը հիւսած է ՜՜ՙՈ՞վ աղօթք ուսուց իմ բերնիս քնքոյշ, որ պաշտեմ Աստուած՝՝ երգով, մինչեւ իր պանդուխտ զաւկին տունդարձի կարօտով ճենճերող հայ մօր վիշտն ու սպասումը նամակագրած՝ Դանիէլ Վարուժան։ Ապա, Ալեքսանդր Ծատուրեանէն որ գրած է ազգին ու հայրենիքին "հերոս որդիք" պարգեւած մայրեր գործը, մինչեւ Պետրոս Դուրեան որ երգած է ՜՜ՙՈ՜հ, ներէ ինձ... մօրս արտօ՜սրը տեսի…՝՝ երգը, այս բոլորը եւ աւելի մայրերգակ Յովհաննէս Շիրազն իր ՜՜ՙՄեր տան աստուա՜ծն է մայրս՚՝՝ գործով ու Մուշեղ Իշխանը ՙԱլ կը բաւէ, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ՚ քերթուածով , ու այլ բազմատասնեակ քերթողներ, քալած են իրենց մայրերուն ոտնահետքերով եւ հայ մայրը առաջնորդած դէպի հայ հոգիի ու մտքի երկնամերձ բարձունքները:
Հայ մայրը ի՜նք քալած է ժամանակին հետ եւ նոյնիսկ ժամանակներէն վեր՝ որպէս լուսաճաճանչ ուղեցոյցը հայ ժողովուրդի փոթորկայոյզ կեանքին:
Կարելի՞ է չյիշել եւ պահ մը կանգ չառնել այն պաշտելի մայրերուն առջեւ, որոնք ՙվասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց՚ նշանաբանի հաւատքով ու յանձնառութեամբ ապրեցան եւ ՙիմացեալ մահով՚ իրենց կեանքը ընծայաբերեցին: Կարելի՞ է չյիշել այն պաշտելի մայրերը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ եկեղեցի եւ դպրատուն դարձան, Սարտարապատեան հրաշամարտը հաւատքի պարիսպներով պողպատեցին եւ Արցախեան երկնամերձ կատարները իրենց ուխտին կրակով ու արիւնով հոգեզինեցին եւ իրենց հաւատքի կեանքով սրբացան ու արժանացան եկեղեցւոյ ու ազգին պաշտամունքի հասնող սիրոյն:
Արդարեւ, եթէ մայրական սիրոյն անհունութիւնը, խանդաղատանքին ջերմութիւնը, նուիրումին ազնուութիւնը եւ զոհաբերութեան զօրութիւնը բնութագրած մակդիրները, վերադիրները, ստորոգելիներն ու ածականնները պահ մը փորձենք ի մի խմբել, էջե՜ր կը լեցուին: Նո՜յնը կարելի է ըսել հայ մօր բացառիկ կերպարը եւ առաքինի էութիւնը փառաբանելու նպատակով յօրինուած բազմահարիւր բանաստեղծութիւններուն ու երգերուն համար:
Հայուն համար ուրի՜շ է հայ մայրը, որպէս հաւատքի, նուիրումի, կամքի ու սիրոյ վաւերական մարմնացում: Ինչպէս գրած է հայ բանաստեղծը.
ՙԹափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ,
Տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ,
Բայց չտեսայ, չգտայ ո՜չ մէկ սիրտ այնքան արի,
Քու հոգիիդ չափ ազնիւ, մա՜յր իմ անուշ ու բարի՚:









All the contents on this site are copyrighted ©.