2013-03-08 13:15:36

Հաւատքը ու վկայութիւնը


Ճիշդ է թէ հաւատքը անձնական կամ անհատական հարց է, որոշում մըն է որպէսզի մարդը ըլլայ Աստուծոյ հետ, անոր հետ ապրի, սակայն ան կը պահանջէ հրապարակային վկայութիւն ու յանձնառում մը, որոնցմով մարդը կ՛արտայայտէ շրթունքներուն ըսածը:
Հաւատքի հռչակումը անձնական գործ մըն է, սակայն միեւնոյն ատեն հասարակութեան գործ է. Եկեղեցին առաջին գործողն է Մկրտութեան: Ամէն ոք որ կ՛ընդունի մկրտութիւնը, անդամ կը դառնայ Եկեղեցւոյ ու կ՛անդամակցի քրիստոնեայ հասարակութեան: Իսկ խոստովանելով հաւատքը՝ կը յայտարարեմ թէ պաշտօնապէս կը պատկանիմ եկեղեցական հասարակութեան եւ թէ հաւատքս հասարակութեան հաւատքն է:
ճանաչումը Հաւատքի նիւթերուն, Տոկմային, հիմնական է, որպէսզի անձ մը մտքով ու կամքով, անդամակցի Եկեղեցիին: Կանոնաւոր կերպով հասնելու հաւատքի ճշմարտութիւններու ճանաչումին, Վաստակաւոր Սրբ. Քահանայապետին «Հաւատքի դուռը» կը շեշտէ թէ ամէնքը կարող են գտնել «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական ուսուցում»ին գիրքին մէջ արժէքաւոր ու անհրաժեշտ օգնութիւն մը հարուստ ատաղձով: Այս ուսուցումը կը սորվեցնէ մեզի բազմաթիւ միջոցները, որոնցմով Եկեղեցին խոկաց Հաւատքը ու պատմութեան ընթացքին, ուսուցման մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրեց, որպէսզի հաւատացեալները ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ:
Հաւատքի տարուան համար, Վաստակաւոր Քահանայապետին փափաքն է որ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական ուսուցում»ը ըլլայ ճշմարիտ ատաղձ, զօրացնելու համար հաւատքը, որ առանց ծէսի, խորհուրդներուն ու աղօթքին՝ հաւատքի խոստովանութիւնը պիտի չունենար ոչ մէկ ազդեցութիւն:
Հաւատքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որոշ հարցումներու ընդմէջէն, որոնք յառաջ կու գան փոխուած մտայնութենէ, որ հաւատքը կը կապէ մտքին գիտական ու «թեքնիքական» պրպտումներու հետազօտութիւններու, Բենեդիկտոս Վաստակաւոր Քահանայապետին շրջաբերականը կը հաստատէ, թէ հաւատքի ու հարազատ գիտութեան միջեւ անհամաձայնութիւն գոյութիւն չունի, որովհետեւ երկուքը, թէեւ տարբեր ճամբաներով, սակայն կը դիմեն ու կը հետապնդեն միեւնոյն ճշմարտութիւնը:
Բենեդիկտոս ԺԶրդ Վաստակաւոր Քահանայապետին շրջաբերականը կ՛եզրակացնէ թէ Հաւատքը Որդի Աստուծոյ Յիսուսի հանդէպ « մեզ կը խթանէ դառնալու կենդանի նշան մը Իր ներկայութեան աշխարհի մէջ: Եւ թէ աշխարհը կը կարօտի, յատուկ կերպով, անկեղծ ու համոզիչ վկայութեան մը բոլոր անոնց, որոնք մտքով ու սրտով Աստուծոյ Խօսքով լուսաւորուած են. անոնք կարող են շատերուն սիրտն ու միտքը մղել Աստուծոյ որոնումին եւ ճշմարիտ կեանքին, որ վերջ չունի»: Հաւատքը առանց սիրոյ ամուլ է, սէրն ալ առանց հաւատքի՝ կը դառնայ սոսկ զգացում մը, միշտ տարակոյսի ենթակայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.