2013-03-08 13:09:34

Հայաստանի Կիներուն 34.5 Տոկոսը Աղքատ Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».– ՄԱԿի որոշումով այս տարի Կիներու միջազգային օրը՝ 8 Մարտը, ամբողջ աշխարհին մէջ պիտի նշուի կիներուն նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարի նշանաբանին ներքեւ:
«ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամը մեծագոյն սիրով շնորհաւորում է կանանց եւ աղջիկներին Մարտի 8ի՝ Կանանց միջազգային տօնի կապակցութեամբ, եւ մաղթում այնպիսի աշխարհ, որտեղ նրանց հսկայական ներուժն իր լիարժէք արտայայտութիւնը կը ստանայ, որտեղ նրանք սիրուած եւ փայփայուած կը լինեն տարուայ բոլոր օրերին եւ որտեղ մայրութիւնն ապահով եւ անվտանգ կը լինի», նշուած է ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Գրասենեակը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի կիներուն վերաբերող որոշ տուեալներ: Ըստ անոնց, Հայաստանի կիները աւելի երկար կ՛ապրին, միջին հաշուով գրեթէ եօթը տարի աւելի, քան տղամարդիկ՝ համապատասխանաբար 77.5 եւ 70.7:
Աւելի քիչ թիւով աղջիկներ կը ծնին, քան տղաք. արդարեւ նոր ծնելիք զաւակին սեռին պատճառով յղութիւնը արհեստական կերպով ընդհատման լոյսին տակ Հայաստանի մէջ տարեկան միջին հաշուով 1400 աղջիկ կը ծնի:
Հայաստանի մէջ կիները հետզհետէ աւելի ուշ կ՛ամուսնանան. եթէ 2001ին ամուսնական միջին տարիքը 22.8 էր, ապա 2011ին՝ 25: Կիները որքան ուսում ստացած ըլլան, այնքան աւելի ուշ կ՛ամուսնանան։
Կիները կ՛ուզեն շատ զաւակ ունենալ, սակայն միշտ չէ, որ կը յաջողին։ Արդարեւ, եթէ 1970ականներուն հայաստանցի կին մը միջին հաշուով երեք զաւակ կ՛ունենար, այսօր ճիշդ կէսն է կամ, այլ կերպով բնորոշուած՝ երկու կիներ հազիւ միջին հաշուով երեք երեխայ կ՛ունենան: Բայց իտէալական կը նկատուի, որ կին մը 2-3 երեխայ ունենայ:
Անպտղութեան ցուցանիշը Հայաստանի կիներուն համար շատ բարձր է՝ 16.8 տոկոս, ինչ որ կը գերազանցէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան սահմանած ճգնաժամային ցուցանիշը (15 տոկոս):
Հայաստանի կիները տնային տնտեսութեան եւ երեխաներու խնամքին կը տրամադրեն մօտ 5 անգամ աւելի ժամանակ, քան տղամարդիկ:
Գրադարաններու ընթերցողներուն մօտ երկու երրորդը կիներ եւ աղջիկներ են:
Երկիրի իւրաքանչիւր երրորդ կին կամ կիներու 34.5 տոկոսը աղքատ է:
Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս իւրաքանչիւր 10 կիներուն 6ը կ՛ենթարկուի հոգեբանական բռնութեան, 10 կիներէն 1ը՝ ֆիզիքական բռնութեան, իսկ ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած 5 կնոջ 4ը՝ սեռային բռնութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.