2013-03-07 12:18:11

Վենեզուէլլայի Եկեղեցւոյ Կոչը Ազգային Միասնութեան։


Վենեզուէլլայի նախագահ՝ 58-ամեայ Հուկօ Շավէզի մահէն ետք, որ տեղի ունեցաւ 5 մարտ 2013-ին, Վենեզուելայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար՝ Գերապայծառ Ժէզու Կոնծալէզ Տէ Ծարաթէն, կոչ ուղղեց ազգային միասնութեան. յայտնելով որ բոլոր քրիստոնեաները կը հաւատան յաւիտենական կեանքին, եւ թէ մահը վերջակէտ մը չէ։ Մահէն ետք քրիստոնեաներս կ՝ունենանք Աստուծոյ մեր երկնաւոր Հօր հետ երջանկութեան մէջ ապրելու կարելիութիւնը... Րոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ թէ՝ Մարտ 6ին, Վենեզուելլայի Ուկօ Չաւեզի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ անոր դագաղին ընկերացան, երկիրի զինուորական գլխաւոր վարժարանի ճամբուն վրայ: Դիակը հոն պիտի մնայ երեք օր, մինչ պատրաստութիւններ կը տեսնուին մեծ շուքով կատարելու համար նախագահին յուղարկաւորութիւնը: Վենեզուելլայի փոխնախագահ Նիքոլաս Մատորօ Երեքշաբթի օր գուժեց Չաւեզի մահը: Չաւեզ աւելի քան երկու տարի պայքարած էր քաղցկեղի դէմ: Չաւեզ յայտնի դարձած է Վենեզուելլայի մէջ ժողովրդավարական ընկերվարութեան գաղափարախօսութեան հիման վրայ կառավարման համակարգ մը ստեղծելու քայլով ու ջատագովն էր Լատին Ամերիկայի երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական համարկումին: Ան խիստ քննադատող մըն էր կայսերապաշտութեան, համաշխարհայնացման ու Միացեալ Նահանգներու դրամատիրական կարգերուն: Վենեզուելլայի կառավարութիւնը եօթնօրեայ սուգ հռչակած է եւ ըստ սահմանադրութեան՝ նախագահական ընտրութիւններ պէտք է կատարուին ամիս մը ետք:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ Չաւեզի մահէն ետք Ուաշինկթըն «շահագրգռուած է Վենեզուելլայի հետ կառուցողական յարաբերութիւններով»: Հանգուցեալ նախագահին՝ Հուկօ Շավէզի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 8 Մարտին (վաղը)...








All the contents on this site are copyrighted ©.