2013-03-06 11:35:13

Չորեքշաբթի 6 Մարտին, Միջինք է։


Այս օրը երկարատեւ պահքի շրջանին կէսը նուաճած ըլլալու աւետումն է ու խնդութեան առիթ կը նկատուի: Սեղանները կը սարքուին պահքի յատուկ ուտելիքներով:
Միջինքը նշելու կրօնական յատուկ արարողութիւններ չկան, քանի որ մասնաւոր տօն մը չէ, Համապատասխան Չորեքշաբթուան արարողութիւնները յար եւ նման են, ինչ որ նախորդ չորեքշաբթիներու Արեւագալի ժամերգութիւնը եւ հրաժարման ու խոստովանանքի արարողութիւններն են։ Միակ յատկանշականը՝ աւելի հանդիսաւորութիւնն է եւ ճոխ խումբերով երգեցողութեանց կատարողութիւնը։
Հին աւանդութիւն էր որ Միջինքի օրը տուներէն ներս պատրաստուէր բաղարջ
կոչուած հաց մը որուն մէջ կը պահուէր մանր երկաթեայ դրամ մը: Երբ տեղի կ’ունենար ընտանեկան հաւաքոյթ, հացը մաս առ մաս կը բաժնուէր եւ բոլորին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանար գտնելու համար տարուան այն բախտաւոր անձը որուն հացի բաժնին մէջէն պիտի ելլէր երկաթեայ դրամը:
Տօնին յաջորդող Շաբաթ օրը Ս. 40 մանկանց տօնն է։

Մեծ Պահքը Ունի 7 Կիրակիներ, որոնք յատուկ եւ իմաստալից անուններ
ունին. անոնց առաջինը Ադամի մուտքը դրախտ, երկրորդը Ադամի արտաքսումը դրախտէն, Երրորդը՝ Անառակի Կիրակի է, Չորրորդը՝ Տնտեսին, որ պիտի նշուի յառաջիկայ կիրակի օրը. այդ օրուան աւետարանին մէջ կը կարդանք Յիսուսի խօսած առակներէն ՜՜Անիրաւ Տնտեսի՝՝ մասին։ ( Ղուկաս 16.1-13) :
Հինգերորդ Կիրակին Դատաւորին կիրակի է ։ Դարձեալ Յիսուսի առակներէն մէկէն կը ստանայ իր անունը, որ դատաւորի մը եւ յարատեւող այրիի մը առակն է, զոր կրնանք կարդալ Ղուկաս 18.1-8 ի մէջ:
Վեցերորդ Կիրակին Գալստեան կիրակի է. Այս կիրակի օրուան առակը Քրիստոսի աշխարհ գալուն խորհուրդը կը բացատրէ: Այդ օրուան աւետարանական ընթերցումին վերջին համարը՝ (Մատթէոս 23.39) Քրիստոսի Գալստեան կ’ակնարկէ:
Եօթներորդ Կիրակին արդէն Ծաղկազարդի կիրակի է։
Այսպէս կը կոչուի Քրիստոսի փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ, իր խաչելութիւնն ու յարութիւնը կանխող Մէկշաբթի օրը: Այդ օր մանուկներ եկեղեցի կ’երթան զարդարուած մոմերով ու կը մասնակցին թափօրին:

Փակեալ խորան
Մեծ պահքի շրջանին, եկեղեցիներէն ներս խորանները փակ կը մնան: Միակ բացառութիւնն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «Մուտն ի Վիրապ» տօնի առիթով մատուցուած պատարագը որ կը կատարուի բաց խորանով:

Մեծ պահքը երրեակ իմաստով*
Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանը եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար հոգեկան վերանորոգութեան սքանչելի առիթ մըն է: Երբ անիկա գիտակցօրէն ապրուի հոգեկան ազնուացման, առհասարակ մարդ անհատի երջանկութեան ամենէն ազդու եւ բարերար միջոցը կը դառնայ: Մեծ պահքը գիտակցօրէն ապրիլ կը նշանակէ.
1-Աղօթքը դարձնել մեր կեանքի կեդրոնական առանցքը։
Առաջին հերթին, աղօթել առանձնապէս տունին կամ ոեւէ այլ հանդարտ միջավայրի մէջ, ուր ինքնամփոփումի, առանձին ըլլալու, ինք իր խղճին հետ խօսակից դառնալու կարելիութիւնը կայ: Կ’անդրադառնա՞նք թէ մարդ առօրեայ կեանքին մէջ որքան գրաւուած է ուրիշներով...: Բայց անհրաժեշտ է որ երբեմն ինք իր անձին հետ առանձին ըլլայ, եւ Աստուծոյ ամենատես աչքին ներքեւ, դիտէ ու քննէ ինքզինք: ... Խոկումի, ինքնանդրադարձումի, առանձնութեան, աղօթքի պահերուն, երբ ոչ ոք մեզի կը նայի, ոեւէ մէկու հետ կապ չունինք, երբ մեր աչքերը մեր անձերուն վրայ կը սեւեռենք, այն ատեն կը յաջողինք սրտբացօրէն, ճշմարտօրէն եւ ջինջ յստակութեամբ մենք զմեզ տեսնել, ճանչնալ եւ սրբագրել կամ վերանորոգել: ...
2- Պահք բռնել։ Աղօթելու հետ առընթեր եւ բացի աղօթելէ անհրաժեշտ է պահք բռնել, ինչպէս ժողովրդական արտայայտութեամբ կ’ըսուի: Թէ ի՞նչ կը նշանակէ պահք բռնել: Կրօնական ճշգրիտ եւ խորունկ իմաստով՝ պահքը այնպիսի արարք մըն է որ մարդը կ’առաջնորդէ ինքզինք կամաւորապէս զրկելու որոշ զգայարանական, նիւթական հաճոյքներէ եւ ճոխութիւններէ: Առիթ կու տայ անոր մտածելու հոգեկան, բարոյական կեանքի մշակման մասին: ...
Յիսուսի կեանքի պատկերին մէջ մենք կը տեսնենք որ Ան քառասուն (40) օրեր անապատի մէջ առանձնացաւ, ինքզինք կերակուրներէ զրկեց, հոգեպէս զօրանալու համար:
Աւետարանին մէջ մենք կը կարդանք թէ Ան պատուիրեց Իր հետեւորդներուն եւ ըսաւ որ պէտք է պահք բռնէք բայց ո՛չ «ի ցոյց մարդկան», այլ ներքին ինքնամփոփումով, որպէսզի պահքը արժէք ստանայ եւ ծառայէ անձին վերանորոգութեան:...
3-Բարիք Գործել ։ Մեծ պահոց շրջանը գիտակցօրէն ապրիլ կամ գործնապէս իմաստաւորել կը նշանակէ ոչ միայն ներանձնական աղօթք ընել կամ պահք բռնել, այլ նաեւ որոշ գործեր կատարել, դրական արարքներ գործել, որոնց նպատակն ու արդիւնքը բարիք ըլլան, եւ՝ ոչ թէ միայն անհատին, այլ իր նմանին, ուրիշին երջանկութեանը ծառայեն:
Հետեւաբար, Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը քրիստոնէաբար եւ հայօրէն ապրելու համար ունինք երեք գլխաւոր պարտաւորութիւններ.
1.- Աղօթել՝ առանձնապէս եւ հաւաքաբար
2.- Պահք բռնել ինքնազրկումի սկզբունքով
3.- Բարիք գործել՝ ծառայութիւններ մատուցանելով։









All the contents on this site are copyrighted ©.