2013-03-05 13:28:26

Մարոնի Եպիսկոպոսները Կոչ Կ՛ուղղեն Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ Լիբանան կը գոյատեւէ իր իսլամ եւ քրիստոնեայ թեւերով` աւելցնելով, որ երկիրը կարիքը ունի զինք բաղկացնող բոլոր տարրերուն:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ կրօնական եւ քաղաքական հեղինակութիւնները հրաւիրուած են այս հանգրուանին որդեգրելու պատմական կեցուածք մը, որուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ վերանորոգել լիբանանեան ազգային համերաշխութեան ուխտը, որ Լիբանանի գոյութիւնը արդարացնողն է:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց օր ցերեկով արձանագրուող առեւանգումի դէպքերէն, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանի իրադարձութիւններէն:
Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող ծայրայեղութիւնները:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն անդրադառնալով` խորհուրդը հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը պատասխանատուութիւններէ փախուստ տալու արարք մըն է` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը կը հարուածէ լիբանանեան համերաշխութեան սկզբունքը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար եւ Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ: Քննարկուեցան նաեւ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող հարցերն ու երկրին մէջ տիրող ահաւոր սղաճը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը բարձր գնահատեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հրաժարականը` ի խնդիր եկեղեցւոյ շահերուն, ինչպէս նաեւ դրուատեց Ռայի պատրիարքին ջանքերը, յատկապէս անոր Դամասկոս այցելութիւնը` Եազիժի պատրիարքին գահակալութեան մասնակցելու, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի հետ մարոնի եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները բարելաւելու առումով:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ ետք մեկնեցաւ Վատիկան, ուր ան պիտի մասնակցի նոր պապի ընտրութեան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը ճամբեց հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ նախարար Ֆատի Ապպուտ:
Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ երկրին եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը կը ներկայացնէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.