2013-03-05 13:27:17

Մամլոյ Լսարան Պէյրութի Մէջ։


Զեկուցեց պրն. Սարգիս Սերոբեան, Պոլիս լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթին եւ թաքուն հայերուն մասին։
Կազմակերպութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, շաբաթ, 2 մարտի երեկոյեան, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջտեղի ունեցաւ մամլոյ 78-րդ լսարանը, ««Ակօս» թերթն ու թաքուն հայերու երեւոյթը» նիւթին մասին։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ պրն. Վարդան Ադամեան, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Սողոմոն Գիլաղպեան, պատկան մարմիններու, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ: Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի անդամ Մարիա Կարապետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու եւ հայագիտական բաժինի պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք՝ «Ազդակ»ին եւ «Գ. Նարեկացի» կեդրոնին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան նշեալ ծրագիրին եւ այցելութեան յաջողութեան նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի եւ «Ակօս»ի միջեւ գործակցութիւնը ունի կրթական եւ ազգային բնոյթ, եւ վարժարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ նպաստելու աշակերտութեան եւ շրջապատին ազգային, հոգեւոր եւ կրթական դաստիարակութեան ու համապատասխան մթնոլորտի ստեղծման, եւ յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առիթ կը հանդիսանայ պոլսահայ եւ լիբանանահայ ընկերութիւններու կապերու սերտացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կայացման: Պրն. Սարգիս Սերոբեան նախ խօսեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս» թերթի իրավիճակին մասին: Ապա յայտնեց որ սկզբնական շրջանին թերթը անցուց ցնցումային հանգրուան մը, սակայն այսօր վերահաստատուած է եւ կը շարունակէ Հրանդ Տինքին սկսած առաքելութիւնը: Ներկայացուց համշէնցիներու, Տերսիմի, Ատիամանի, Սասունի, Տիարպէքիրի եւ այլ շրջաններու մէջ ապրող թաքուն հայերու ընկերատնտեսական եւ աշխարհագրական պայմանները, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու շրջանի իշխանութիւններու հետ ունեցած յարաբերութիւնները: Ան նշեց, որ համշէնցիները մինչեւ այսօր իրենց լեզուն կը պահպանեն եւ կառչած են իսլամութեան, ունին իրենց արմատներուն վերադառնալու ցանկութիւն մը եւ հակառակ դիտակէտէ առկայ վախի մթնոլորտը: Թուրքիոյ ընկերութեան մէջ , ըսաւ Պրն Սերոբեան, հայութեան ինքնութիւնը ընդունելի դարձնելու խնդիր գոյութիւն ունի, սակայն Տինքին սպանութենէն ետք այս գծով մեծ յառաջխաղացք արձանագրուած է: Աւարտին, Սերոբեան հարցումներուն ընդմէջէն նիւթինշուրջ ներկաներուն փոխանցեց յաւելեալ լուսաբանութիւններ:









All the contents on this site are copyrighted ©.